ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆի հետ Նիւ Եորքի մէջ կայացող հիւլէական զէնքերու տարածման կասեցման շուրջ խորհրդաժողովի ծիրին մէջ հանդիպումի մը ընթացքին, Թեհրանի իշխանութեանց յղեց Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման շուրջ խորհրդակցութիւններու համար կազմակերպուող «Ժընեւ 3» ժողովին մասնակցութեան պաշտօնական հրաւէր մը:
Տը Միսթուրա իրանեան «Իրնա» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Կը կարծեմ, որ այդ հրաւէրին պատասխանը դրական պիտի ըլլայ»:
Մինչ այդ, տը Միսթուրա նաեւ հրաւէր ուղղած է Սուրիոյ իշխանութեանց, ինչպէս նաեւ ներքին եւ արտաքին ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն:
Տը Միսթուրայի մօտիկ աղբիւր մը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ ան հրաւէրը ուղարկած է Ժընեւի մէջ ՄԱԿի կեդրոնատեղիին մօտ Սուրիոյ դեսպան Հուսամ Ալայի: Աղբիւրը ժողովի թուական մը չէ ճշդած, սակայն տը Միսթուրա եւ անոր գրասենեակը յայտնած էին, որ Ժընեւի մէջ խորհրդակցութիւնները պիտի սկսին Մայիսի առաջին կիսուն եւ պիտի երկարին մինչեւ Յունիսի վերջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.