«Երէկ աննկարագրելի օր մըն էր: Պոլսոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման երթալու ատեն մեծագոյն վախս այն էր, որ ընտրութիւններու (7 Յունիսին նախատեսուած Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններ) թուականին մօտենալով եւ Ազգայնական շարժում կուսակութեան ու ազգայնական քուէարկողներուն կարիքին լոյսին տակ Էրտողան Իսթիքլալի մէջ մեր ներկայութիւնը նկատէ սպառնալիք մը եւ ոստիկանութիւնը հեռանայ՝ ազգայնական ցուցարարներուն արտօնելով, որ մեզի դէմ յարձակում գործեն:
Մինչ դէմքերնիս դէպի Թաքսիմի հրապարակ նստած էինք՝ ամէն անգամ, որ բարձրախօսները լռէին, կը լսէինք մեր ետեւի կողմէն հնչող ազգայնականներուն կանչերը: Անոնք կը թուէին հետզհետէ աւելի մօտենալ՝ կարծէք անոնք մեզի կը մօտենային: Ապա, երբ «Սարերի Հովին Մեռնեմ» երգը աւարտեցաւ, աւելի մօտ վայրէ մը բարձր կանչեր լսեցինք՝ ձայն մը, որ բազմաթիւ անգամ ցոյցերու ընթացքին լսած էի, ատիկա ոստիկանութեան շղթան շրջանցող ցուցարարներու ձայնն էր:
Մինչ ոտքի կանգնենցանք՝ դիմակայելու համար մեր կողմը եկողները. զանոնք տեսանք: Անոնք ոչ թէ «Վաթան» կուսակցութեան կարմիր դրօշները ճօճող զայրացկոտ ազգայնականներ էին, այլ՝ հազարաւոր թուրքեր, քիւրտեր, յոյներ եւ ասորիներ, որոնք բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին «Հոս ենք» եւ Հրան Տինքի, Կոմիտասի, Սեւակ Պալըքճըի, Դանիէլ Վարուժանի եւ բազմաթիւ ուրիշներու լուսանկարները կը կրէին: Փողոցները կ՛արձագանգէին անոնց զօրակցական բացականչութիւններուն:
Ապշահար բազմութեան մէջէն բարեկամ մը վազեց, ձեռքերը բացած եւ բացականչելով. «Մեզի հետ են: Փողոցը լեցուցած են»:
«Ուստի շնորհակալութիւն: Շնորհակալութիւն թուրքեր, քիւրտեր եւ ասորիներ, որ մեր կողքին կանգնեցաք: Շնորհակալութիւն մարդկային իրաւանց թրքական խմբաւորումներուն Հայտարփաշայի մէջ ոգեկոչումը կազմակերպելու համար: Շնորհակալութիւն պոլսահայութեան, շնորհակալութիւն Օսման Քաւալա: Շնորհակալութիւն Սարա Լի Ուիթսըն, Նենսի Գրիգորեան, Հեղնար Վաթենփօ եւ «Փրոճեքթ 2015»ի անդամ բոլորին:
Չկայ այլ տեղ, ուր կը նախընտրէի գտնուիլ այս շաբա»չ:
Լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեան հեղինակն է նոր հրատարակուած There is Only the Earth: images from the Armenian Diaspora Project գիրքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.