Ըստ «Իհլաս» լրատուական գործակալութեան՝ հիմնարկի տնօրէն Ճոշքուն Ըշըք յայտարարած է, որ իրենց նպատակն է դատական գործընթացով պարզել, թէ իրականութեան մէջ որո՞նք են իսկական ջարդարարները եւ որոնք են զոհերը։ «Մենք Ամերիկայէն պիտի պահանջենք փաստաթուղթեր տրամադրել Դաշնակցութիւն եւ Հնչակեան կուսակցութիւններու արխիւներէն։ Պիտի պահանջենք ներկայացնել նաեւ այդ տարիներուն մասին Ամերիկայի դեսպաններու եւ հիւպատոսներու զեկուցումները», ըսած է Ըշըք։ Ան չէ նշած սակայն, թէ յստակ կերպով ո՛ր դատական ատեանին մօտ դատ պիտի բացուի։
Միւս կողմէ, «Էրմենիհապեր» կը տեղեկացնէ, թէ թրքական Քեմալական գաղափարի միութեան Մերսինի մասնաճիւղի անդամները ցոյց կատարած են Աթաթուրք պողոտային վրայ, պարզելով թրքական դրօշակներ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող պաստառներ։ Անոնք Թուրքիոյ խորհրդարանէն պահանջած են օրէնք մը վաւերացնել, որպէսզի քրէական հետապնդման ենթարկուին՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եղած է» ատայայտութիւնը ընողները:
–Քեմալականներէն խումբ մը