ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մէջ կատարուած նախագահական ընտրութիւնը տուած է անակնկալ արդիւնք, երբ Մուսթաֆա Աքընճը պարտութեան մատնած է նախորդ նախագահ Տերվիշ Էրօղլուն։ Կը թուի, թէ Աքընճը Թուրքիոյ կողմէ նախընտրուած անձ մը չէր, որովհետեւ ան իշխանութեան գլուխ կու գայ յեղաշրջական գաղափարներով ու Կիպրոսի օրինական կառավարութեան հետ անպայման լուծում մը գտնելու վճռականութեամբ։ Կ՛ըսուէր նաեւ, որ ան թուրք այլախոհ կրօնական Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի կողմնակից էր։
Ու պատահեցաւ դէպք մը, որ անմիջապէս ցուրտ հովեր փչել տուաւ Թուրքիոյ ու թրքական Կիպրոսի միջեւ։ Աքընճը իր առաջին յայտարարութիւններուն մէջ Թուրքիան ու թրքական Կիպրոսը «եղբայր երկիրներ» որակեց։ Ասիկա Թուրքիոյ կողմէ ցարդ ընդունուած տարազին ներհակ էր, որովհետեւ Թուրքիա թրքական Կիպրոսը միշտ կոչած է «որդի հայրենիք»։
Այս նոր մերձեցումը, որ այդքան ալ ցնցիչ նորութիւն մը չէր առաջարկեր, ջղայնութիւն պատճառեց նախագահ Էրտողանին, որ ազդարարութիւն ուղղեց Աքընճըին ու ըսաւ. «Երբ ան մենք եղբայր երկիրներ ենք ըսէ, շատ տարբեր պատկերացում մը կը ստացուի։ Մեծայարգ նախագահը պէտք է իր ականջով լսէ իր բերնէն ելածը։ Թուրքիա ինչո՞ւ տէր կանգնած է թրքական Կիպրոսին։ Այս երկիրը գին մը վճարած է հիւսիսային Կիպրոսի համար։ Նահատակներ տուած է։ Դեռ ալ կը շարունակենք գին վճարել։ Թրքական Կիպրոսի շահերուն համար ո՞վ է, որ միջազգային հրապարակի վրայ պայքար կը տանի։ Արդեօք մեծայարգ Աքընճըն առանձինն կրնա՞յ տանիլ այս պայքարը», ըսաւ Էրտողան։
Աքընճը, Էրտողանին այս խօսքերուն պատասխանեց եւ հարցուց, թէ ինչո՞ւ արդեօք Թուրքիոյ նախագահը այսքան կ՛անհանգստանայ «եղբայր երկիր» կոչուելուն համար։ «Թուրքիա չի՞ փափաքիր, որ այս երախան մեծնայ, կ՛ուզէ մենք միշտ երախա՞յ մնանք, չկարենա՞նք առանձինն ոտքի կանգնիլ։ Ես միայն ականջներովս չէ որ կը զգամ, կը զգամ նաեւ խղճմտանքովս, ու կը խօսիմ սրտով ու ուղեղով։ Եղբայր պետութիւններ ենք եւ կ՛ուզենք, որ Թուրքիա այսպէս ճանչնայ մեզ», ըսաւ Աքընճը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.