
«Գանձասար».- Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին, Հինգշաբթի, 9 Ապրիլին, ԱՄԺ Տան «Ան»ջ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Դատի Լսարանի հերթական 10րդ եւ վերջին նիստը: Պատուոյ հիւրերն էին Շահան արք. Սարգիսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի մօտ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, ազգային գործիչներ, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Օրուան առաջին զեկուցաբերն էր Կարօ Եուզպաշեան, որ յայտնեց. «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկները Հալէպի մէջ գործող բոլոր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները կը համախմբեն: Մենք պէտք է միասնականութեան նախակարապետը հանդիսանանք: Ուստի այս պատուաբեր առիթը յարմար նկատելով եւ մեկնելով մեր տեսլականէն, խորհրդակցաբար Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին՝ հրաւիրեցինք Հալէպի մէջ գործող միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները՝ ներկայացնելու իրենց խօսքը Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով»:
Այնուհետեւ ան հրաւիրեց ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աննա Տէր Յակոբեանը փոխանցելու իր խօսքը: Աննա Տէր Յակոբեան իր զեկոյցին մէջ առաւելաբար անդրադարձաւ անցնող քառամեայ շրջանին ՍՕ Խաչի կատարած գործունէութեան: «1915ի Ցեղասպանութենէն ետք Հալէպի մէջ ծնունդ առած կանացի այս կազմակերպութեան հիմնական նպատակը եղաւ տարագիրներու փրկութեան աշխատանքը՝ որբահաւաքի, այրիներու պատսպարման, երիտասարդներու գործի հայթայթման եւ հիւանդներու բուժման համար: Նիւթական շատ համեստ միջոցներով եւ նուիրեալներու շատ փոքր թիւով ճամբայ ելած այս կազմակերպութիւնը ամէն ձեւով փորձեց յոյս ներշնչել Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած իր հայրենակիցներուն: Տասնեակ տարիներէ ի վեր ՍՕ Խաչը կամաւոր ծառայութեան ըմբռնողութեամբ հազարաւոր խաչուհիներ գործի լծեց, բարօրութիւն ապահովելու համար մեր ժողովուրդին, անխախտ պահելու հայ մօր եւ հայ կնոջ կերպարն ու ազգային դիմագիծը: ՍՕ Խաչին անգամ մը եւս վիճակուեցան ծանր պայմաններ՝ Սուրիական հայրենիքի վերջին քառամեայ պատերազմով», ըսաւ Աննա Տէր Յակոբեան: Ապա ան զանց առնելով ՍՕ Խաչի ծաւալած ընդհանուր գործունէութիւնները, առաւել լուսարձակի տակ առաւ այն ձեռնարկները, որոնք անցնող չորս տարուան ընթացքին, տագնապի օրերուն, մեր ազգի զաւակներու կարիքներուն մասամբ բաւարարութիւն տուին:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ներսէս Ներսոյեան, որ պահանջատիրական համահայկական աշխատանքներուն առումով հետեւեալ բացասական եւ դրական կողմերը նշեց.
Ա. Բացասական
– Յստակ պահանջի մը չգոյութիւնը պահանջատիրութեան գծով, իր իրագործուելիք մանրամասնութիւններով, որ ընդունելի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան եւ Սփիւռքի հայկական մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն կողմէ.
– Աշխատանքային համահայկական յստակ նախագիծի մը չգոյութիւնը, իր յստակ ժամկէտներով, վարչական կառոյցով, դրամական ներդրումով ծրագրաւորուած հայեցակարգի մը իրագործման ի խնդիր.
– Հայկական Սփիւռքին մէջ գոյութիւն ունին տասնեակներով գործող Հայ Դատի յանձնախումբեր, ի մասնաւորի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ, որոնք կը գործեն առանձնաբար: Ուստի հարկաւոր է համագործակցաբար աշխատելու սկզբնաւորում կատարել:
Բ. Դրական
– Հայկական պետականութեան գոյութիւնը, որ Հայ Դատին առնչութեամբ պատրաստ է համագործակցելու Սփիւռքի բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ.
– Հայկական Սփիւռքի գոյութիւնը՝ կազմուած երեք ազգային կուսակցութիւններէ, ոչ պետական կազմակերպութիւններէ, մշակութային միութիւններէ, կրթօջախներէ՝ հայ երիտասարդութեան հսկայական փաղանգով:
– Ունինք մեռնիլ մերժող, յաւէտ կենսանորոգուող եւ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարող ժողովուրդ մը, որ ինքզինք պարտադրեց ամբողջ աշխարհին եւ տակաւին անվհատ պիտի քալէ՝ իրականացնելու իր ազգային մեծ երազը:
Ապա ան ըսաւ, թէ պահանջատիրական մեր աշխատանքները կը կարօտին յստակ ծրագրաւորուած աշխատանքի եւ ուղեցոյցի, կազմուած մասնագէտ անձերու ընտրանիէ մը, օժտուած նիւթական մեծ ներդրումով:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Ժոզէֆ Օհանեան ըսաւ. «Հազարամեակներու իր անցեալի վկայութեամբ հայ ժողովուրդը հաստատած է անվիճելի այն ճշմարտութիւնը, որ ամէն տեսակի սպանդի, կողոպուտի ու թալանի դէմ վերականգնելու ուժն ու վճռականութիւնը ունի: Ամէն տեսակի չարիքի ու արհաւիրքի դէմ հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը չէ խորտակուած: 1915ին կատարուած Ցեղասպանութեան հետեւանքով ամբողջ ժողովուրդ մը իր հայրենի բնօրրանէն տեղահանուեցաւ եւ մահուան կարաւաններու մէջ շպրտուեցաւ: Այս բոլորէն ետք, ցեղասպանին անպատիժ մնալու անընդունելի իրականութիւնը մեզ խորտակող ցաւերէն մէկը կը հանդիսանայ: Պատմական իրողութիւն մըն է, որ այսօրուան Թուրքիան կազմուած է պատմական մեր բռնագրաւեալ հողերուն վրայ: Այսօր ալ նոյն ոսոխն է, որ իր դժխեմ երեսը կ՛արտացոլէ Սուրիական հայրենիքի տարածքին վրայ: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուղղուած էր հայ ազգի բնաջնջման: Հետեւաբար, մեկնելով «Միութիւնը զօրութիւն է» տեսլականէն, առաջնահերթութիւն է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքները թէ՛ պետական եւ թէ սփիւռքեան մակարդակներով վերածել միահամուռ կեցուածք»ջ:
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ ՍԴՀԿի ներկայացուցիչ Սարգիս Գաւլաքեան: Ան մատնանշեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին հարիւրամեակը վերականգնումի շրջան մըն է: Ապա նշեց. «Անցնող 100 տարին համբերատար եղանք, սակայն արդէն ժամը հասած է պահանջատիրութեան՝ իրաւունքներու արդար հատուցման համար: Մեր ուղին պէտք է տոգորուի միասնականութեան ոգիով, որով պիտի իրագործուին մեր իղձերն ու երազները: Ցեղասպան թուրքը տեսնելով մեր համակարգուած աշխատանքը ահ ու սարսափի պիտի մատնու»ջ:
Հուսկ, Կարօ Եուզպաշեան գնահատեց սոյն միջոցառումը, որ հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն, ի մի բերաւ մեզ՝ խորհրդակցելու եւ միտքեր փոխանակելու, ինչպէս նաեւ ընդլայնելու մեր մտահորիզոնը: Եզրափակելով ան ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով կ՛ոգեկոչենք մեր նահատակներուն յիշատակը: Նախապէս եթէ մեր ոգեկոչման ձեռնարկները ողբերգութեան յիշատակումն էին, այսօր պահանջատիրութեան արտայայտութիւն են: Այսօր մեզի համար առաջնահերթ է հայ ժողովուրդի հատուցման խնդիրը»:
Աւարտին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան իր խօսքին մէջ գնահատեց կազմակերպող մարմինը՝ ըսելով. «Ուրախ եմ, որ հալէպահայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները իրենց միտքերը արտայայտեցին: Անոնք շատ աւելի իրատեսական էին, քան երեւակայական»: Սրբազան հայրը շեշտեց, թէ Հայ Դատի ուղղութեամբ ցարդ կատարուած աշխատանքները գնահատելով հանդերձ անհրաժեշտ է նոր թափով, ներկայ դարուն համահունչ եղանակով ու ոճով շարունակել մեր պահանջատիրական պայքարը, իրատեսօրէն արժեւորելով մեր հնարաւորութիւններն ու կարելիութիւնները, ծրագրուած աշխատանքներով նուաճելու նոր ձեռքբերումներ: