Ով Ստիպեց Աշխարհին Խոստովանիլ Թէ «Գոնեակը Հայերէն Է Խօսում»
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ մանկան մը ոդիսականն է, Հարիւրամեակի խորքէն եկած, Մեծ Եղեռնի ճիրաններէն փրկուելու «բախտաւորութիւնը» ունեցող՝ Մարգար Սեդրակեանի:
Վանեցի Մարգար, թերատի տարիքէն ճաշակած է կեանքի դառնագոյն փորձառութիւնները, ապրած ու մահացած է հայրենիքի մէջ:
Յաջողած է Եղեռնի գեհէնէն վերապրիլ եւ բնածին քաջութեամբ ու փորձառութեամբ ապահովել արժանավայել կեանք մը, որպէս հայրենի քոնեաքագործութեան անուանի համտեսի վարպետ Մարգար Սեդրակեան:
Ամուսնանալով վերապրող վանեցի աղջկայ մը հետ, կազմած է յաջող ընտանիք մը եւ եղած է չորս բարձրագոյն կրթութեան հասած զաւակներու հայր եւ բազում թոռներու եւ ծոռներու մեծ հայր:
Իր ասպարէզին մէջ նուաճած է մեծ յաջողութիւններ եւ արժանացած է «Սովետական սոցիալիստական աշխատանքի հերոս» մակդիրին, միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու, ոսկի եւ արծաթ մետալներու:
Այո, այս այն փոքրիկ Մարգարն էր, որ Վանի ինքնապաշտպանութեան օրերու թէժ կռիւներուն, փամփուշտներու տարափին տակ, զինամթերք կը հասցնէր լեռ բարձրացած ֆետայիներուն:
Մահ, Եղեռն, Արհաւիրք. Արեւմտահայաստանի հայաթափումն ու աւերումը համազօր էին դժոխքի. երկրային դժոխք, արդիւնքը՝ մէկուկէս միլիոն հայ անմեղ նահատակներ եւ հազարաւոր «բախտաւոր» վերապրողներ, որոնք մահուան ընդերքէն որպէս փիւնիկ թռիչք առին դէպի անծանօթ եթերներ եւ ամէն օր մահանալով՝ յաղթեցին մահուան։ Ցաւը խթանեց ու կորուստը գօտեպնդեց զանոնք, ու անոնք ապրեցան, եւ իւրաքանչիւր աշխարհացրիւ որբ՝ իր յատուկ ոճով, ոտքի կանգնեցաւ ու դարձաւ գիսաւոր աստղ, որպէս փարոս լուսաւորեց նոյնիսկ երբեմն իր ցաւին հանդէպ անտարբեր ու խուլ մարդկանց միտքերն ու հոգիները:
Այդ գիսաւոր աստղերէն մէկն ալ եղաւ փոքրիկ Մարգարը…
1915ի ահաւոր օրերն էին։ Վանեցիք ինքնապաշտպանութեան համար լեռ բարձրացած էին, ութամեայ Մարգար վար իջած էր լեռնէն տնեցիները տեսնելու. Վանայ շէն գիւղերէն Խորակոնիսն էր իր ծննդավայրը, սակայն որքան մօտենար գիւղին, այնքան աւելի անբնական կը զգար, լռութիւնը աւելի ճնշիչ եւ սահմռկեցուցիչ էր, եւ ահա գիւղի մուտքին, Մարգար դէմ յանդիման կու գար ամայութեան… սարսափելի էր գիւղը, այդ անվախ մանուկը՝ Մարգար, որ կեանքի գինով լեռներու բարձունքին զինամթերք եւ սննդամթերք կը փոխադրէր, սոսկաց։ Ակնապիշ կը դիտէր ամայացած երբեմնի երջանիկ գիւղը. դռները բաց, տուները թալանուած եւ փողոցները անմարդ էին, իրենց տան բակը լքուած էր, վայրագ ձեռքեր այդտեղէն անցած էին, արեան հետքերը իր քայլերը ուղղեցին դէպի սենեակներ, ուր գտաւ իր ծնողները՝ արիւնլուայ եւ անշարժ. անոնք շատոնց մահացեր էին: Մարգար փորձեց խօսիլ անոնց հետ, անօգուտ, ան սկսաւ ծանր-ծանր շնչել, աչքերը յարեցան արիւնոտ պատերուն, ոտքերը երերացին, միտքը դադրեցաւ գործելէ եւ… Մարգար ինքզինք գտաւ շրջապատուած անծանօթ հայրենակիցներով, որոնք կը փորձէին օգնել եւ զինք ճանչնալ:
Ձիաւոր մը գտած էր Մարգարի անշարժացած, բայց կենդանի մարմինը եւ հասցուցած սահման, ուրկէ ոստիկաններ զինք փոխադրած էին Հայաստանի Ամերիկեան մանկատուն։ Շշմած տղեկը՝ նոյնիսկ իր ազգանունը մոռցած, հոն արձանագրուած էր իբր Սեդրակեան, որ իր հօր անունն էր եւ այնուհետեւ ան դարձած էր ցեղասպանեալ ժողովուրդի հազարաւոր որբերէն մէկը Հայաստանի մանկատան մէջ:
Մարգար բախտաւոր որբերէն էր, որ նետուած էր հայրենի հողին վրայ, ուր պիտի հաստատուէր, ծիլ արձակէր, վերընձիւղուէր եւ իր արմատները պիտի երկարէր հայրենի հողին ընդերքը, արժեւորելով իր կեանքի ամէն մէկ վայրկեանը, ապա դառնալով աշխարհահռչակ քոնեաքագործ համտես վարպետ՝ Մարգար Սեդրակեան, ձախողցնելով ցեղասպանի ծրագիրը:
Մարգար Ամերիկեան մանկատան մէջ ապրեցաւ հայ որբին բաժին ինկած թէ՛ դժուարութիւնները եւ թէ՛ առաւելութիւնները: Ան՝ իր մէջ անթեղուած վանեցիի քաջութեամբ, շրջահայեացութեամբ եւ յանդգնութեամբ, իր վաղ կեանքի իւրաքանչիւր օրը արժեւորեց այնպիսի հմտութեամբ, որ դարձաւ իր յառաջիկայ յաջող ուղեւորութեան հիմքը, միշտ ներշնչուելով ապագայի յաջողութենէն, հաւատալով գալիք գարուններուն, եւ որպէս մղիչ ուժ ունենալով հայրենիքի սէրն ու տուն դարձի երազը՝ երիտասարդ Մարգար նուաճեց հորիզոններ եւ գրաւեց սահմաններ:
Մարգարի ուղեւորութիւնը մանկութենէն դէպի պատանութիւն եւ երիտասարդութիւն հեշտ չէր… Մարգար՝ վանեցի այդ որբուկը, թէեւ Հայաստանի մէջ էր եւ շրջապատուած հայրենակիցներով, միշտ առանձին զգաց, իր առանձնութիւնը միակ ջերմացնողը ընթերցումն էր, ընթերցանութեամբ կը սնանէր եւ կը շնչէր։ Այդ օրերու տիրապետողը Միքայէլ Նալպանտեանի, Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի, Չարենցի եւ Մահարիի գաղափարներն էին, որոնք զինք կը ներշնչէին, կը լիցքաւորէին միտքը, կը հասունցնէին գաղափարները, կը կերտէին իր հայրենասէր նկարագիրը եւ կը հունաւորուէին իր կեանքի ուղին, միշտ վառ պահելով տուն դարձի երազը:
Հեշտ չէին նաեւ Մարգարի՝ պատանութենէն դէպի երիտասարդութիւն ուղեւորութեան ժամանակաշրջանի քաղաքական պայմանները։ Ան ականատես եղաւ Արեւմտահայաստանի եւ երբեմնի իր ծննդավայրի հայաթափման եւ վայրագօրէն կողոպտուելուն, պահ մը ապրեցաւ հրճուանքը երկամեայ անկախութեան եւ հոգին խայտաց տուն դարձի երազով, յուզումով ականատես եղաւ մանուկ անկախութեան փլուզումին, անոր յետեւող սովին, համաճարակին եւ քաջաբար դիմադրելով ամէն զրկանքներու, վկան դարձաւ Սովետական Հայաստանի իշխանութեան հաստատման, միշտ իր մտապատկերի մէջ ունենալով ապագայի հզօր եւ անկորնչելի հայրենիքի մը հեռանկարը:
Եւ զարմանալի չէր, որ տասնութամեայ Մարգար՝ վաղուան փայլուն եւ զօրաւոր հայրենիքի հեռանկարով, որոշէր եւ մուտք գործէր Գիւղատնտեսութեան համալսարան, մինչ Հայաստանի մէջ կիսասով էր, ու երկիրը կարիք ունէր տարբեր բնոյթի մասնագէտներու:
Երիտասարդ Մարգարին համար Հայաստան կիզակէտն էր նոր քաղաքակրթութեան կերտման։ Ան հաւատացած էր, որ ըստ Ս. Գիրքին, Հայաստան գինեգործութեան օրրանն էր, երբ Նոյեան Տապանը հանգչեցաւ Արարատ լերան վրայ, եւ Նոյ ուղղուեցաւ դէպի Հայաստան, սկսաւ զբաղիլ գինեգործութեամբ. սա նախախնամութեան կոչ էր կամ երկնային հրաւէր էր, ուղղուած հայ ժողովուրդին՝ լաւագոյնս օգտագործելու տրուած այս երկնատուր ընծան՝ հայրենի հողն ու բնութիւնը:
Մարգար՝ հաւատարիմ երկնային այս կոչին, աւարտելով Գիւղատնտեսութեան համալսարանը, խորը ուսումնասիրելով հայրենի բնութիւնը, տիրանալով այգեգործութեան գաղտնիքներուն, խորանալով որթատունկի մշակման գործին մէջ եւ հմտանալով խաղողէն արեւահամ հիւթեր ստանալու գաղտնիքին՝ դիմեց Երեւանի քոնեաքի գործարան եւ ամէն գնով ձեռք ձգեց հոն աշխատելու իրավիճակ:
Ան շուտով սկսաւ աշխատանքի։ Ինքամոռաց աշխատանքով, տարիներու իր ուսումնասիրութիւններն ու փնտռտուքները սկսան մարմին առնել քոնեաքի գործարանէն ներս, նկատի առնելով, որ մինչեւ 1937 թուականը Խորհրդային Միութեան մէջ տեսակաւոր եւ անուանակիր քոնեաք չէր արտադրուեր, քոնեաքի արտադրութիւնը սահմանափակուած էր 3, 4, 5 թիւերով, ըստ իրենց ստեղծուած տարիներու: Երկարամեայ ուսումնասիրութիւններէ վերջ, 1937 թուականին ծնունդ առաւ 30ամեայ երիտասարդ Մարգար Սեդրակեանի առաջին անուանի քոնեաքը, որը ունէր տասը տարուան հնութիւն եւ 43 տոկոս ալքոհոլ, իսկ յատկանիշն էր իր կարմրակաղնիի գոյնը, սիկարի տուփի հոտը, մեղմութիւնը եւ յագեցուած ըլլալը: Սա կը փաստէր, որ ան արդէն կանխորոշեր էր հայկական քոնեաքի արարման աշխատանքին համար ստեղծած նոր դպրոցի առանձնայատկութիւնները, հիմնաւորուած իր այն համոզումներուն վրայ, որ կ՛ըսէր. «Հայկական քոնեաքը իր մէջ պէտք է խտացնէր հայ մարդու ստեղծագործական խորքը, ճաշակի երանգաւորումները, նրբագոյն զգացումները, կեանքի հաճոյքի ըմբռնումները, Հայաստանի օդի, հողի, արեւի, ջուրի, խաղողի առանձնայատկութիւնները:
Այս հոգեբանութեամբ սկիզբ առաւ 20րդ դարու սկզբնաւորութեան հայկական քոնեաքը, ան անհատականացուեցաւ եւ ազնուականացուեցաւ, եւ այս հիման վրայ վարպետն ուզեց իր երախայրիքը անուանել «Արմէնիա», սակայն 1937 թուականն էր, եւ Սովետական Հայաստանի մէջ ապազգայնական մթնոլորտ կը տիրէր, Աւետիք Իսահակեանի հայրական խորհուրդը Մարգարի արտադրած առաջին քոնեաքի անուանումը փոխարինեց «Յոբելեանական»ով: Մարգարի համար տրամաբանական էր Իսահակեանի խորհուրդը. կարեւորը կանգուն մնալն ու արտադրելն էր, քաղաքական պայմանները կը փոխուէին ու նոր քոնեաքներ կրնային ունենալ ազգային անուններ, այսպիսով, կնքահայրութեամբ վարպետ Իսահակեանի, ծնաւ «Յոբելեանական»ը, որ յետագային պիտի արժանանար երեք ոսկի եւ երեք արծաթ մետալներու:
Այս ոգիով վարպետ Մարգարի ամբողջ կեանքը եղաւ նուիրում, թէեւ երբեմն հանդիպեցաւ քաղաքական ընդդիմութիւններու, երբեմն հալածանքի, սակայն անոր վանեցիի հաստատամտութիւնը, հայրենիքի սէրն ու ապագայի հանդէպ ունեցած հաւատքը զինք պահեցին հաստատ ուղիի մէջ։ Արարեց հայկական տասներեք քոնեաքներ, որոնք 1937էն մինչեւ 1973 թուականը նուաճեցին սահմաններ, միջազգային ցուցահանդէսներու մասնագէտներուն արժեւորումներով արժանացան 39 ոսկի եւ 15 արծաթ մետալներու:
Վարպետ Մարգարի մշակած քոնեաքագործութեան նոր ճարտարարուեստով ստեղծուած քոնեաքները իւրայատուկ էին ու իւրաքանչիւրն ունի իր պատրաստելու դեղատոմսը եւ յատուկ ձեւն ու աշխատելու դրոյթը: Բայց երբ վերջ կը գտնէր գիտելիքի սահմանը, հոն կը սկսէր մարդկային գործօնը՝ համտես վարպետի քիմքը, համտեսելու աստուածատուր կարողութիւնը: Վարպետ Մարգար Սեդրակեանի նման քիմք ունեցող համտես հազուագիւտ կը պատահի աշխարհի վրայ, պատահական չէր որ քոնեաքի հայրենիք Ֆրանսայի աշխարհահռչակ «Քամիւս»-Camus քոնեաքի հատատութիւնը անոր «Համտեսութեան Ասպետ»ի բարձր կոչում շնորհեց եւ պարգաւատրեց ընկերութեան արծաթէ մետալով:
Մարգար Սեդրակեանի հռչակը արդէն ամէն տեղ էր։ Օրինակ՝ միջազգային դէմքերէն, Ֆրանսայի 1956-1958ի վարչապետ Պինօ Քրիստիան Հայաստան իր այցելութեան ընթացքին, երբ իրեն ֆրանսական «Նափոլէոն» քոնեաքով կը հիւրասիրեն, ան կը մերժէ եւ կը նախընտրէ օգտագործել հայկական անուանի եւ տեսակաւոր քոնեաքները:
Իսկ 1943ին Ստալին Միացեալ թագաւորութեան վարչապետ Ուինսթոն Չերչիլը Եալթայի ժողովի ընթացքին կը հիւրասիրէ հայկական «Դուին» քոնեաքով, Չերչիլ այնքան կը հաւնի քոնեաքը, որ կը խնդրէ Ստալինէն իրեն անընդհատ մատակարարել «Դուին»ով, եւ այնուհետեւ Չերչիլ օրական կը խմէր մէկ շիշ «Դուին», փոխան ֆրանսականին:
Մարգար Սեդրակեան իր բոլոր յատկութիւններու կողքին նաեւ դիւանագէտ էր, Սովետական Հայաստան այցելող բոլոր բարձրաստիճան հիւրերը այցելութիւն կու տային Քոնեաքի գործարան եւ կը դիմաւորուէին Վարպետ Մարգարի կողմէ։ Անգամ մը, կովկասեան ուժերու զինավարժական փորձերէ ետք, հրամանատարութիւնը իրենց հետ ունենալով տասնեակ բարձրաստիճան զինուորականներ, կ՛այցելեն Քոնեաքի գործարան. Վարպետ Մարգար կը հիւրասիրէ զիրենք իր պատրաստած անուանի ու հայկական քոնեաքներով եւ յարմար պահուն բաժակը կը բարձրացնէ ու կ՛ըսէ.
«Ես կը խմեմ այն պահու կենացը, երբ ձեր հրամանատարութեան ներքոյ սովետական զինուորը կը հասնի Վան եւ դրօշը կը բարձրացնէ Վանայ բերդին վրայ»։
Բոլորը ծափահարութիւններով կը խմեն առաջարկուած կենացը:
Իսկ ուրիշ անգամ գործարան կ՛այցելէ Թրքական Հանրապետութենէն նախարար մը։ Խմելով հրամցուած քոնեաքը շատ կը հաւնի ու զարմանք կ՛արտայայտէ արտադրութեան քանակի շատ քիչ ըլլալուն։ Մարգար բնաւ ինքզինք չի կորսնցներ եւ յանդգնութեամբ կը պատասխանէ.
«Այդ հարցի լուծումը ձեր ձեռքն է, յառաջացուցէք Թուրքիոյ մէջ ընկերվարական յեղափոխութիւն, վերադարձուցէ՛ք մեր հողերը մեզի, մենք ալ տնկենք այգիներ, հասցնենք խաղող, պատրաստենք գինի ու անկէ ստանանք համով քոնեաք. այդ ատեն առատօրէն կը նուիրենք ձեզի»:
Այսպէս, յարուցեալ հայ ժողովուրդի զաւակ, վանեցի որբուկ Մարգար Սեդրակեան վերապրելով ոտքի կանգնեցաւ, դարձաւ քոնեաքագործ, համտեսի վարպետ, Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան նոր իւրայատուկ ճարտարարուեստի հիմնադիր, որուն բաղադրատոմսը ստիպեց աշխարհին հաստատել, որ հայկական քոնեաքը ֆրանսականին արժանի մրցակից է, եւ ան նուաճեց ոչ միայն Խորհրդային Միութեան սահմանները, այլ անցնելով անկէ անդին, հասաւ տարբեր երկիրներ եւ ըստ գրող Պորիս Պաստերնակի՝ Մարգար Սեդրակեան ստիպեց բոլորին, որ խոստովանին, թէ Մարգար Սեդրակեանի քոնեաքը «Հայերէն է խօսում»:
Մարգար Սեդրակեան Քոնեաքի գործարանէն ներս շարունակեց իր աշխատանքը մինչեւ 1973, երբ աչքերը փակեց, հեռացաւ այս կեանքէն, առանց տեսնելու իրականացումը իր տուն դարձի երազին:
Բի՛ւր յարգանք Վարպետ Մարգար Սեդրակեանի վաստակին, խունկ ու մոմ քոնեաքագործութեան նորարար նահապետի յիշատակին, թող որ իր քալած ուղին լուսաւորէ մեր երիտասարդ սերունդները եւ ներշնչէ զիրենք հայրենասիրութեամբ եւ հայրենակերտման վսեմ եւ վեհ գաղափարներով:
————————————————————————————————————————-
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Meher & Satig Der Ohannesian
Ari, Saro & Theresa
In loving memory of
Der Ohanessian
& Sabounjian Families
———————————
Նոր սերունդին կը մաղթենք,
որ պահանջատիրական մեր պայքարը՝
իր վերջին վճռական փուլին հասցնեն
Վահան եւ Արմինէ Կարպուշեան եւ Ընտանիք
———————————
Տէր եւ Տիկ.
Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան
եւ զաւակները՝
Շանթ եւ Հրակ
———————————
On the occasion of the Centennial of the Armenian Genocide, we honor the memory of all of the Armenian lives that perished, and all those who survived.
We carry on their legacies each and every day
as proud members of the Armenian community.
In memory of our great grandmothers
who survived the atrocities of 1915:
Zepure Broussalian & Carmela Godigian
With all of our love;
Angelo, Lori, Alexander, Julian
and Victoria Ghailian
———————————
Արդարութիւնը պիտի վերականգնի. Մենք պիտի տիրանանք մեր հողերուն. Ուրիշ տարբերակ չկայ.
Րաֆֆի Ռումանահայ
Մշակութային Միութիւն
Raffi Armenian Romanian
Cultural Association
———————————
From Ardy Kassakhian
On this centennial of the Armenian Genocide,
my family and I join our worldwide
Armenian community
in mourning the collective loss of our nation
and call upon all people of good conscience
to join the cause for justice.
In memory of all of the martyred
members of the Kassakhian, Arsenian, Antonyan and Ghazarian families.
———————————
In loving memory of our parents
Grigor (Genocide Survivor)
& Nvart Ookhtens
Ի Յիշատակ
Գրիգոր (Ցեղասպանութենէն Վերապրող) եւ Նուարդ Ուխտենցի
Մուրատ եւ Ֆլորա Ուխտենց
————————————————————————————————————————