[…] Մենք աստուածներու խմբերգներն ու
մեներգները լսեցինք / Մեր ոգեղինացած
էութիւնն էին մեր աստուածները…
Վեհանոյշ Թեքեան («Աղօթքներ Ուռկանի Մէջ»)
ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
Երկար ժամանակէ մ՛ի վեր Կլենտէյլի «Ապրիլ» գրատունը դադրած է պարզ գրավաճառային եւ տարատեսակ զարդերու վաճառատուն մը ըլլալէ: Վերջերս անոր կեդրոնական կառոյցի կողքին բացուեցաւ նոր հիւրասրահ մը որ կը ծառայէ իբրեւ կեդրոն հայ մշակութային տարատեսակ արտայայտութիւններու՝ ընթերցանութիւն, ասմունք, հայկական գեղանկարչութիւն կամ համաժողովրդական դրսեւորումներ: Այս միտքը երկար ատեն ողբացեալ Յարութ Երէցեանի սրտին շատ հարազատ ծրագիր մըն էր, որ ահա կ՛իրականանայ անոր արժանաւոր որդւոյն՝ Առնոյին միջոցով: Շաբաթ չ՛անցնիր, որ չստանամ հրաւէրը ներկայ ըլլալու նոր հրապարակ ելած հայ հեղինակի մը գրած կամ թարգմանած գիրքի մը ներկայացումին՝ միշտ հեղինակին, թարգմանիչին կամ հրատարակողին ներկայութեան:
Ահա այսպիսի տաքուկ հայութեամբ բաբախող լսարան մը ստեղծուած է գիրքերով յորդող «Ապրիլ» գրատան մէջ՝ նման «Լարք»ի մէջ գործող երգախառն լսարաններուն: Վաչէ Պարսումեան եւ Յարութ Երէցեան եղած են մտերիմ ընկերներ եւ այսպէս կը ծառայեն նոյն հայակորիզ իտէալներուն եւ սկզբունքներուն:
Ապրիլ ամսուան Ցեղասպանութեան 100ամեակի այս եռուն օրերուն «Ապրիլ» գրատունը, ինչպէս «Լարք»ը, կը յորդին հայկական, հայագիտական, հայասիրական, հայապատմական, հայամշակութային բազմածիր նախաձեռնութիւններով: Եթէ «Լարք»ը ներգրաւած է յօրինողական կամ կատարողական արուեստները առանձնապէս եւ երաժշտագիտութիւնը, «Ապրիլ»ը կը ջանայ բեղմնաւորել մեր մշակոյթի վերջին հարիւր տարուան փառապանծ անցեալը: Ահա՛ օրինակ, վերջին հրաւիրատոմսին պարունակութիւնը՝ «Ի Յիշատակ Մեծ Եղեռնի Նահատակ եւ Վերապրող Հայ Հեղինակներու»: Ապրիլ 2՝ Գրիգոր Զօհրապ, Հրանդ, Թլկատենցի, Երուխան: Ապրիլ 16՝ Սիամանթօ, Գեղամ Բարսեղեան, Ռուբէն Զարդարեան, բժ. Ռուբէն Սեւակ եւ Դանիէլ Վարուժան:
Այս շարքը կ՛աւարտի Կիրակի, Ապրիլ 26ին, «Վերապրող Հեղինակներ»ու նուիրուած հանդիսութեամբ մը՝ Երուանդ Օտեան, Արամ Հայկազ, Վահան Թէքէեան եւ Յակոբ Օշական:
Ներկայ էի Ապրիլ 16ի ձեռնարկին: Պատշաճ նախաբանով մը Առնօ Երէցեան բացաւ հանդիսութիւնը ներկայացնելով օրուան դերակատարները. մեր հինգ հեղինակներու հակիրճ կենսագրականները ներկայացուց հերթականօրէն դոկտ. Վաչէ Մանկրեան, վերոյիշեալ հինգ նահատակ հեղինակներուն գրական յատկանիշները համադրաբար ներկայացուց Վարդի Դանիէլեան, իսկ ասմունքողներն էին՝ Վարդին, Յասմիկ Կիտցինեանը եւ Լեւոն Ֆերմանեանը:
Շատուոր չէինք այդ սրահէն ներս, բայց վերապրեցանք մեր վաղամեռիկ բայց անմահ զոհերուն տարերքով. բացի Ռ. Զարդարեանէն եւ Սիամանթոյէն, միւսները նահատակուած են մօտ 30 տարեկան հասակին… Ինչպէ՜ս չցաւիս ու չխենթանաս այս ահաւոր եւ անչափելի կորուստին առաջ:
Կը յիշեմ մեր պոռթկումները Ճեմարանի նստարաններէն Կոմիտասին միայն մէկ ժամ անաշխատ վիճակը արդէն մեծ կորուստ է, ու՜ր մնաց քսան տարի անկարողութեան դատապարտուած ըլլալը… թուրքին ամենասուղ նուէրը հայութեան:
Վերադառնալով 16 Ապրիլի ձեռնարկին, պիտի նախընտրէինք այդ հինգ հեղինակներու իւրաքանչիւրէն կարճ քառեակ մը յուշանուէր տանիլ այդ իրիկուն. անոնց նկարները հոն էին, կարելի էր թերեւս զանոնք շրջանակել մէյ մէկ տողով՝ անոնց գրիչէն ելած: Արդէն անունները չէին դրուած նկարներուն տակ. հոգ չէ, բայց անոնց աննման ներշնչանքէն մէկական հիւլէ նկարին շուրջ՝ լաւ յիշատակ մը պիտի ըլլար եւ աւելի երկար պիտի յիշէինք օրինակ՝ Գամփռին խրոխտութիւնը, Սիամանթոյին թուքը մարդկային արդարութեան երեսին, Վարուժանի Սերմնացանը կամ Եղէգնեայ գրիչը:
Սակայն, միւս կողմէ, յուզիչ էր տեսնել Ռուբէն Սեւակին… երկու ծոռները, հոն ներկայ, իրենց հայկական անուններով:
Ապրիլ 21ին, «Ապրիլ» գրատունը եւ «Լարք»ը կազմակերպեցին, առաջինը՝ անգլերէնով, երկրորդը՝ հայերէնով, «Համաշխարհային Ընթերցումի Օր»ը, երեկոյեան ժամը 8ին, Պերլինի Համաշխարհային Գրականութրան փառատօն, որուն ընթացքին ընթերցեցան Ռումանահայ Վարուժան Ոսկանրանի «Շշուկներու Մատեանը» գիրքի 7րդ եւ 8րդ գլուխները: Այս երկը թարգմանուած է 17 տարբեր լեզուներու. ահա 100ամեակին ձօնուած նախաձեռնութիւն մը եւս: Ուշ բայց ոչ ուշացած: