ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ապրիլ 22ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ չի փափաքիր նախագահ Պարաք Օպամայէն լսել «ցեղասպանութիւն» բառը, գրած է «Հապերթիւք» լրատուական գործակալութիւնը:
«Պարոն Օպամայէն նման բան չեմ ակնկալեր: Վեց տարուան նախագահութեան շրջան անցուցած է, իսկ ես ալ 12 տարի վարչապետ եղած եմ ու 7 ամիս ալ նախագահ: Այդ հարցին շուրջ երբեմն-երբեմն կը զրուցենք: Բազմիցս ըսած ենք, որ այդ մէկը ոչ թէ քաղաքական գործիչներու, այլ պատմաբաններու գործն է: Ես 12 տարի է կ՛ըսեմ, որ արխիւները պէտք է բանալ: Մենք պատրաստ ենք բանալու, եթէ Հայաստանն ալ ունի, թող բանայ: Երկիրիս մէջ մօտաւորապէս 100 հազար հայ կայ, զանոնք անհանգստացնելու ի՞նչ իրաւունք ունին», յայտարարծ է Էրտողան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.