Նասրալլա բաղդատական մը կատարեց Եմէնի դէմ մղուող յարձակումներուն եւ Յուլիս 2006ին, Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ մղուած պատերազմին միջեւ, զանոնք յար եւ նման նկատելով: Ան յայտնեց, որ ծովային եւ օդային յարձակումներու նոյն միջոցառումները կը կիրարկուին: «Կը փորձեն այս պատերազմին տալ շիի-սիւննի տագնապի բնոյթ, սակայն իրողութիւնը այն է, որ Սէուտական Արաբիա կ՛ուզէ իր ազդեցութեան գօտին տարածել ու հաստատել այդ շրջանին մէջ», ըսաւ Նասրալլա՝ կոչ ընելով լիբանանեան կարգ մը կողմերուն՝ հրաժարելու «սէուտական դրամին աչք դնելու» երեւոյթէն եւ գերադասելու Լիբանանի շահերը:
«Չենք ուզեր պատերազմը լիբանանեան հրապարակ փոխադրել», ընդգծեց Նասրալլա, դիտել տալով, որ Իրան երկխօսութեան ձեռք երկարած է Սէուտական Արաբիոյ, որ սակայն կը շարունակէ մերժել: Ան քննադատեց Սէուտական Արաբիոյ քարոզած ուահապական կրօնական գաղափարաբանութիւնը՝ հարց տալով, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար Լիբանանի իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն ճակատագիրը, եթէ Սուրիան իյնար «Քայիտա»ի կամ «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն հակակշիռին տակ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.