Խօսելով քաղաքական գնահատականներու մասին՝ Կիրօ Մանոյեան ընդգծեց, որ Թուրքիա իր վարած քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք տապալեց իր կառավարութեան կողմէ կազմակերպուող Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները:
«Թուրքիան տապալեց իր իսկ նախաձեռնութիւնը՝ Գալիպոլիի ճակատամարտի 100ամեայ տարելիցի միջոցառումները: Առանց գիտակցելու, որոշակի հակահարուած տալով պապի մատուցած պատարագին, Թուրքիան աշխարհի ուշադրութիւնը կրկին սեւեռեց Հայկական Հարցի վրայ», յայտնեց ան։
Անդրադառնալով մեր պահանջատիրութեան՝ Կ. Մանոյեան հաստատեց, որ 24 Ապրիլէն ետք պէտք է շարունակել աշխատիլ այնպէս, ինչպէս ցարդ աշխատած ենք՝ մէկ տարբերութեամբ միայն, որ հիմա շեշտը պէտք է դնել ոչ միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման, այլ նաեւ պահանջատիրութեան վրայ: «Մենք պէտք է համազգային համախմբութիւն ունենանք՝ կոնկրէտ ի՞նչ ենք պահանջելու Թուրքիայից: Ապրիլի 24ից յետոյ մենք պէտք է շարունակենք հատուցումների խնդիրը», ընդգծեց ան:
Կիրօ Մանոյեան անդրադարձաւ նաեւ այն հանգամանքին, որ երբ որեւէ պետութիւն կ՛ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ, Թուրքիան կը սպառնայ խզել իր յարաբերութիւնները այդ երկրին հետ: «Թուրքիան չի խզի իր յարաբերութիւնները որեւէ պետութեան հետ, քանի որ նախեւառաջ գերդասում է սեփական շահերը: Գուցէ ժամանակաւորապէս երկու-երեք ամսով սառեցուեն յարաբերութիւնները Ցեղասպանութիւնը ճանաչած երկրների հետ, բայց յետոյ արդէն այդ յարաբերութիւնները բնականոն հունի մէջ կ՛ընկնեն», եզրափակեց ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.