ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ըստ «TRT Haber»ի՝ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու մեկնաբանած է Եւրոխորհրդարանին կողմէ ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը, եւ զայն »անլուրջ« որակած է:
Ան խորհուրդ տուած է քննել Եւրոպայի պատմութիւնն ու տեսնել, թէ ինչեր տեղի ունեցած են Ափրիկէի, Ասիոյ կամ Աւստրալիոյ մէջ:
«Եթէ Եւրոպա կը փափաքի պահել իր բազմամշակոյթ, բազմակրօն կառուցուածքը, ապա պէտք չէ որեւէ կրօնական կամ ազգային խումբի դէմ ատելութիւն սերմանող յայտարարութիւններ ընէ», յայտարարած է ան:
Թուրքիոյ վարչապետը անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ նշելով, որ անոնք արդէն դադրած են միայն Հայաստանի ու Թուրքիոյ առնչուող հարց ըլլալէ:
«Աշխարհի տարածքին հայերու եւ թուրքերու հաշտեցման, ցաւերը կիսելու համար պատրաստ ենք ընելու ինչ որ անհրաժեշտ է: Պատրաստ ենք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ բարիդրացիական լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու, բայց Հայաստանն ալ պէտք է քայլեր առնէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու համար», ըսած է ան, պնդելով, որ պէտք չէ իսլամ թուրքերը հաւաքական յանցագործութեամբ մեղադրել:
Ան նաեւ սպառնական ոճով զգուշացուցած է բոլոր երկիրները, ըսելով. «Բոլոր երկիրներուն, երկիրներու խորհրդարաններուն ու առաջնորդներուն կը զգուշացնեմ՝ ով ալ ըլլայ, եթէ մեր ազգին պատմութիւնը փորձէ մեղադրել, առանց պատմական փաստերու, արխիւային փաստաթուղթերու, անոր դէմ յստակ դիրքորոշում պիտի որդեգրենք: Հաշտութեան պատրաստ ենք, պատրաստ ենք կիսելու ցաւերը, սակայն ոչ ոք կրնայ մեզ խոնարհիլ պարտադրել»: