ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».¬ Ֆրանսայի վարչապետ Էմանուէլ Վալս 24 Ապրիլին պիտի մասնակցի Փարիզի Քանատայի հրապարակին վրայ՝ Կոմիտասի կիսանդրիին մօտ կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութեան։ Ըստ «Նուվէլ տ՛Արմէնի»ի՝ վարչապետը խօսք պիտի առնէ։
Նախապէս յայտնած էինք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ 24 Ապրիլին Հայաստանի մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւններուն։