Այս առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ներկայ էին Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Քարըն Հիլիըրտ, «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկին հիմնադիր Ռուբէն Խաչատրեան, Արմաւիրի մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեան, Արազափի գիւղապետ Մանուէլ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ համայնքի ներկայացուցիչները: Նախաձեռնութեան մասնակիցները այցելած են գիւղ, որուն ընթացքին անոնց ներկայացուեցաւ ջրամատակարարման նոր համակարգը եւ նոր ենթակառոյցներու գօտի:
Արազափի մէջ իրականացուած ծրագիրին իբրեւ արդիւնք պիտի բարձրանայ գիւղի ջրամատակարարման համակարգի արդիւնաւէտութիւնը, պիտի նուազին կորուստները եւ աղտոտման վտանգները, պիտի արձանագրուին ջուրի եւ ուժանիւթի էական խնայողութիւններ: Արազափի բնակիչները այժմ ունին շուրջօրեայ որակեալ ջրամատակարարում՝ նախապէս ունեցած օրական երեք ժամուան փոխարէն: Այսպիսով, նախնական հաշուարկներուն համաձայն՝ համայնքին մէջ պիտի ապահովուի տարեկան շուրջ 72,000 մ3 ջուրի եւ 30 մեկաուաթ/ժամ հոսանքի խնայողութիւն:
2014ին Միջազգային զարգացման գործակալութեան, «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի եւ Վայրի բնութեան ու մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկին համագործակցութեան շնորհիւ Արմաւիրի մարզի Արազափ եւ Լուկաշին, ինչպէս նաեւ Տաւուշի մարզի Արծուաբերդ եւ Բերքաբեր գիւղերուն մէջ իրականութիւն դարձած են ջրամատակարարման համակարգի բարելաւման ծրագիրները՝ բնակչութեան ըմպելի ջուրով ապահովելու եւ կենսապայմաններ բարելաւելու նպատակով: Վերոնշեալ ծրագիրներէն օգտուողներուն թիւը կը հասնի 7 հազար հոգիի։ Չորս ծրագիրներու իրականացման համար «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ը յատկացուցած է 70 միլիոն, իսկ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը՝ 60 միլիոն դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.