ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի հովանաւորութեամբ, ի յիշատակ Լեռնային Ղարաբաղի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի, Լեռնային Ղարաբաղի ճատրակի դաշնակցութեան 9-12 Ապրիլին Ճատրակի կեդրոնական տան մէջ կազմակերպած է յիշատակի մրցանք։
Բացման արարողութեան ներկայ եղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, ՀՅԴ համամասնական ընտրակարգով առաջադրուած պատգամաւորութեան թեկնածու Արմէն Սարգսեան։ Ան կարեւոր նկատած է Դաշնակցութեան այս նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը քաջալերէ նման նախաձեռնութիւններու կայացումը եւ կարելի եղածին չափ կ՛օժանդակէ Արցախի մէջ ճատրակի զարգացման եւ այս բնագաւառին մէջ կարողութիւններ ունեցողներու բացայայտման։
Հանրապետութեան տարբեր շրջաններէ եւ մայրաքաղաքէն մրցումին մասնակցած 24 ճատրակ խաղացողներէն 1-5րդ դիրքերը գրաւած մասնակիցները պարգեւատրուած են համապատասխան կարգի պատուոյ գիրերով եւ դրամական պարգեւներով:
Յաղթանակ ապահոված է Առնոլդ Մկրտչեան, որ արժանացած է գլխաւոր մրցանակին: Պարգեւատրման արարողութեան եւս ներկայ եղած է Արմէն Սարգսեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.