
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- ԵԽԽՎի նախագահ Անն Պրասէր Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեանի ընկերակցութեամբ 14 Ապրիլին այցելած է Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին։
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեան Անն Պրասէրի նուիրած է թանգարանի հրատարակութիւններէն եւ տեղեկութիւններ փոխանցած է թանգարանին մասին։