Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթըն Ապրիլ 12ին պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ 2016ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածուն ըլլալու պայքարին պիտի նախաձեռնէ։ Նաեւ, Ապրիլ 13ին, Ֆլորիտայէն ծերակուտական Մարքօ Ռուպիօ միացաւ նախագահական ընտրութեանց Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածուն դառնալու ընտրապայքարին, որուն անցեալ շաբաթ միացած էր նաեւ Ռենտ Փօլ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.