ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 13 Ապրիլին հանդիպում ունեցած է Երեւան ժամանած Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Անն Պրասէրի հետ:
Զրոյցին ընթացքին՝ անդրադառնալով Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Եւրոպական խորհուրդի դերակատարութեան, նախարար Նալբանդեան նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ԵԽԽՎի մէջ հայկական պատուիրակութեան նախաձեռնած յայտարարութեան միացած են վեհաժողովի շուրջ 150 անդամներ:
Հիւրին խնդրանքով նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը: Այս պարունակին մէջ նախարար Նալբանդեան անդրադարձած է ղարաբաղեան հիմնահարցին մասին զեկոյց պատրաստելու ԵԽԽՎ որոշման՝ շեշտելով, որ պէտք է զերծ մնալ ստեղծելէ նոր զուգահեռ կառոյցներ, ձեւաչափեր կամ աշխատանքային խումբեր, որոնց աշխատանքը կրնայ վնաս հասցնել եռանախագահներու գործունէութեան: Նախարարին համաձայն՝ հարկաւոր է զերծ մնալ այնպիսի քայլերէ, որոնք կարող են վնաս հասցնել ընդհանրապէս բանակցային գործընթացին:
«Սա վերաբերում է յատկապէս այն կարգի զեկուցողներին, ում նկատմամբ կողմերից մէկը, տուեալ պարագայում՝ Ադրբեջանը, ամենաբարձր մակարդակով անվերջ շնորհակալութիւն է յայտնում՝ Բաքուի դիրքորոշմանը շարունակական աջակցութեան համար», ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.