«ՀՈՐԻԶՈՆ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԵՐԱԺԻՇՏ-ՅՕՐԻՆՈՂ ՊԵՏՐՈՍ ՇՈՒԺՈՒՆԵԱՆԻ ՀԵՏ «ՎԵՐՅԱՌՆՈՒՄԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ 2015»Ի ԱՌԻԹՈՎ
ՊԵՏՐՈՍ ՇՈՒԺՈՒՆԵԱՆ.- 2010ին, Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը ինծի դիմեցին, եւ խնդրեցին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին համար պատարագ եւ հոգեհանգիստ մը գրեմ: Ժամանակ խնդրեցի՝ պատասխանելու համար: Կը մտածէի, թէ ինչպէ՞ս կարելի է երաժշտութիւն մը յօրինել, որ Յիսուսի զոհագործման յիշատակին վրայ կը խոկայ, եւ միաժամանակ մէկ ու կէս միլիոն զոհերը կ՛ոգեկոչէ, ու կ՛ըլլայ վկայութիւն մը հայ ժողովուրդի վերակենդանացման եւ դէպի յուսալից ապագայ երթին… պատասխանս տուի վեց ամիսներ ետք, եւ նոյն տարուան Հոկտեմբերին ձեռնարկեցի ստեղծագործութեան: Խիտ յուզումներով ժամանակ մըն էր. ինչպէ՞ս կարելի է խոկալ եւ ոգեկոչել, երբ կը յաճախուիս Ցեղասպանութեան պատկերներով. կոկորդդ կը սեղմուի, բերանդ կը չորնայ, աչքերդ կը լեցուին…
շուրջ մէկ ու կէս տարի աշխատեցայ եւ աւարտեցի ստեղծագործութիւնը: Ֆրանսերէնով զայն «Messe et requiem 2015» անուանեցի, իսկ հայերէնով՝ ընդառաջեցի տէր Գառնիկի առաջարկին եւ անուանեցի՝ «Վերայառնումի Ս. Պատարագ»: Կարելի է ըսել, թէ հայերէն անունը ստեղծագործութեան ոգին է:
Ինծի կը հարցուի, թէ ինչո՞ւ ստեղծագործութեան ֆրանսերէն անունը «Messe et requiem» է:
Հայ Առաքելական եկեղեցին հոգեհանգստեան պատարագ («Messe de requiem») չունի, որովհետեւ ըստ իր ծիսական աստուածաբանութեան՝ Ս. պատարագը միայն ու միայն Քրիստոսի զոհագործման նուիրուած է: Այդ պատճառով ալ յօրինածս կը կոչուի «Messe et requiem» եւ ոչ թէ «Messe de requiem»:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Ին՞չ է բովանդակութիւնը:
ՊԵՏՐՈՍ ՇՈՒԺՈՒՆԵԱՆ.- Պատարագին բովանդակութիւնը Հայ եկեղեցւոյ Ս. պատարագին երգերուն բառերն են: Ծրագիրը միայն երգերուն բառերը օգտագործել էր: Պատարագիչի եւ սարկաւագի բաժինները նկատի չեմ առած: Սարկաւագի բաժինը պահեցի միայն «Եւ ընդ հոգւոյդ քում» փոխերգութեան մէջ:
Պատարագին մէջ առնուեցան Յարութեան Թափօրի ԳՁ եւ Ճաշու ԳՁ շարականները: Հոգեհանգիստի բաժինը ըստ տէր Գառնիկի առաջարկին՝ բացի «Ուստի բուրելով» շարականին հետ: Ասիկա երրորդ համարն է Գիւտ Խաչի Հարցին, որ ԲՁ շարական մըն է: Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւն մըն էր գերեզմանի մուտքին եւ դէպի փոսը ուղղուելու ճամբուն վրայ երգել այս շարականը: Ապա «Բանդ Աստուած» ԲԿ շարականը դրի: Թէ՛ պատարագին եւ թէ՛ հոգեհանգիստին մէջ փոխան Աւետարաններու եղանակաւոր ընթերցումին՝ զուտ երգեհոնային երաժշտութիւն յօրինեցի: Սովորութիւն է հոգեհանգիստին «Ժողովեալքս» կամ «Քահանայք» երգել: Անոնց տեղ եղանակաւորեցի Ներսէս Շնորհալիի «Յետ կամաւոր» երգը՝ ուրոյն երաժշտութիւն մը մշակելով: Ստեղծագործութեանս հայերէն անունը («Վերյառնումի Ս. Պատարագ») պէտք է արդարանար նաեւ թէ՛ յոյսով, թէ՛ դրական իմաստով եւ թէ երաժշտութեամբ: Այդ պատճառով ալ Հոգեհանգիստին կը հետեւի «Ուխտի երգ» մը, որուն խօսքերը տէր Գառնիկի կողմէ քաղուած են Սաղմոսներու գիրքէն:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Կը խնդրեմ որ երաժշտական սկզբունքը բացատրէք:
ՊԵՏՐՈՍ ՇՈՒԺՈՒՆԵԱՆ.- Պատարագը եւ հոգեհանգիստը գրեցի Հայ երաժշտութեան ակունքներուն հաղորդութեամբ: Գրեցի մեծ երգչախումբի եւ չորս մեներգողներու համար: Ստեղծագործութիւնս լայնօրէն ձայնական է: Երգչախումբը կը ներկայացնէ թէ՛ մեր նահատակներն ու զոհերը, եւ թէ մեզ՝ որպէս ապրող, աղօթող եւ արդարութեան յուսացող ժողովուրդ: Ստեղծագործութեամբս ուզեցի ունկնդիրները զգան իրենց ժառանգութեան հարստութիւնը, խորութիւնը, ուժը եւ թռիչքը: Ասիկա չի նշանակեր, թէ արտայայտութիւնս մնաց կրկնութեան մէջ: Որեւէ ստեղծագործութիւն, որ իր ժամանակին լեզուն եւ քերականութիւնը չի բերեր՝ ժամանակավրէպ է: Ուզեցի, որ հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը նոր լեզուով եւ քերականութեամբ արտայայտուի, սակայն միշտ յարգեցի անոր էութիւնը:
Բազմաձայնութիւնը կարեւոր մէկ սկզբունքն է «Վերյառնումի Ս. Պատարագ»ին: Անիկա երբեմն կը հասնի ութ ձայնի, եւ երբ անոնց կը միանան չորս մեներգողներ՝ կը վերածուի տասներկու ձայներու: Աւելցնեմ, որ մեներգողներուն բաժինները շատ իւրայատուկ ձեւով գրուած են. անոնց բաժիններուն մէջ կայ հիմնական երկու գաղափար՝ պատկերացնել մեկուսի աղօթողը կամ առաջնորդողը:
Երգեհոնին դերը շատ կարեւոր է այս գործին մէջ. անիկա պարզ նուագակցութիւն մը չէ, այլ առհասարակ կը պատրաստէ իւրաքանչիւր երգի մուտքն ու ելքը: Ինչպէս ըսի՝ թէ՛ պատարագին եւ թէ՛ հոգեհանգիստին մէջ, փոխան Աւետարաններու եղանակաւոր ընթերցումին՝ զուտ երգեհոնային երաժշտութիւն յօրինեցի: Վերջաւորութեան ալ՝ «Ուխտի երգ»ին առիթով հետզհետէ յոյսով վերացող եւ վեհացող ընթացքին elan vital-ն է:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Ըսիք, թէ հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը օգտագործած էք: Ձեր աղբիւրնե՞րը։
ՊԵՏՐՈՍ ՇՈՒԺՈՒՆԵԱՆ.-Ակնարկեցի, որ միայն հայ եկեղեցական երաժշտութեան չդիմեցի: Նաեւ օգտագործեցի հայ երաժշտութեան այլ ակունքներ, ինչպէս ազգագրականը: Բայց որովհետեւ պատարագ եւ հոգեհանգիստ էր գրելիքս՝ հիմնականօրէն նկատի ունեցայ եկեղեցականը: Այստեղ կ՛ուզեմ յիշել, որ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Միջին-Արեւլքի մէջ եղած են եւ կան մասնագէտներ, որոնք մեծ վաստակ ունին հայ եկեղեցական երաժշտութեան պահպանման եւ արձանագրման մէջ: Այս առնչութեամբ, յատուկ կերպով կը շեշտեմ մեծ կարեւորութիւնը այն աշխատանքին, զոր Զարեհ արք. Ազնաւորեանը իրագործած էր: Հայ եկեղեցական երաժշտութեան օգտագործումը երաժիշտներուն կողմէ մեծ նորութիւններ կը խոստանայ:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ընդհանրացած է երգել Մակար Եկմալեանի կամ Կոմիտաս վարդապետի պատարագները: Ի՞նչ տարբերութիւն ունի ձեր ստեղծագործածը անոնցմէ:
ՊԵՏՐՈՍ ՇՈՒԺՈՒՆԵԱՆ.-Այո: Հայ եկեղեցիներուն մէջ ընդհանրացած է Մակար Եկմալեանի պատարագին երգեցողութիւնը: Կարգ մը տեղեր կ՛երգուի Կոմիտասի պատարագը, որ, ինչպէս գիտէք, վարդապետը չէ կրցած աւարտել: Կոմիտասի յօրինածին խմբագրական բծախնդիր աշխատանքը կը պարտինք Վարդան Սարգսեանին: Եկմալեան պատարագը սկսած է երգուելու 19րդ դարու վերջաւորութեան, իսկ Կոմիտասեանը 1930ական թուականներուն:
Եկմալեանի գործը ձայնային համաչափութեան սկզբունքով գրուած է: Հայ եկեղեցիները ընդհանրապէս Եկմալեան կ՛երգեն, որովհետեւ աւելի մատչելի է դպրաց դասերուն եւ ունկնդիրներուն: Կոմիտասի գործը մեծ հմտութեամբ կառուցուած է: Վարդապետը եւրոպական եւ մանաւանդ գերմանական երաժշտական-յօրինողական իր գիտելիքները առանց չարաշահելու գրեց այնպիսի պատարագ մը, որ հարազատ է հայ զգացողութեան եւ մտածելակերպին: Կոմիտասեան բազմաձայնութիւնը հարուստ է: Անոր իւրաքանչիւր ձայնը ուրոյն մեղեդի մըն է: Այդ պատճառով ալ լուրջ պատրաստութիւն եւ մշակուածութիւն պէտք է զայն երգելու համար:
Հաճոյքով պիտի յիշեմ Խորէնեան պատարագը, որ իր կարգին հարստացուց հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը: Զայն գրած է Խորէն Մեյխանաճեան: Հայ կաթողիկէ աւանդին մէջ յիշատակելի գործ մըն է Այտընեանի պատարագը:
Գրուած են այլ պատարագներ ալ, որոնց մասին կ՛արժէ ուրիշ առիթով մը խօսիլ: Գալով «Վերյառնումի Ս. Պատարագ»ին, թէ՛ թեքնիք եւ թէ կառուցուածքային առումներով անիկա բոլորէն կը տարբերի:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Ծանուցուած էր, որ համերգային այս Ս. պատարագ-հոգեհանգիստը պիտի երգուի «Սեն Լորան» երգչախումբին կողմէ: Ինչո՞ւ:
ՊԵՏՐՈՍ ՇՈՒԺՈՒՆԵԱՆ.- «Սեն Լորան» երգչախումբին ընտրութիւնը ըրինք, որովհետեւ հայկական երգչախումբ չունինք այդ մակարդակով: Մեր համայնքներէն երգչախումբ մը կազմելով կարելի չէր հրամցնել «Վերյառնումի Ս. Պատարագ»ը: Ուրեմն, անխուսափելի էր մասնագիտական խումբի մը ընտրութիւնը: Նշեմ, որ երգչախումբը 120 հոգիով պիտի երգէ «Վերյառնումի Ս. Պատարագ»ը:
Հակառակ նկատողութեանս՝ թէ այդ մակարդակով հայկական երգչախումբ չունինք, կը կարծեմ, որ միւս կողմէ ալ դրական երեւոյթ է տեսնել, թէ ոչ-հայեր պիտի մատուցեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած ստեղծագորոծութիւն մը, եւ այն ալ՝ հայերէն: Աւելի՞ն:
Երգչախումբին փորձերուն ընթացքին անոր անդամները եւ անդամուհիները իրենց շրջապատին մէջ խօսեցան եւ դեռ կը խօսին ու պիտի խօսին, թէ համերգը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Սա կը նշանակէ, որ «Վերյառնումի Ս. Պատարագ»ը արուեստի իրագործում մը ըլլալէ բացի՝ նաեւ Հայ Դատի իրագործում մըն է:
ՊԵՏՐՈՍ ՇՈՒԺՈՒՆԵԱՆ.- Անկասկած:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Մեներգողներէն երեքը հայեր են…
ՊԵՏՐՈՍ ՇՈՒԺՈՒՆԵԱՆ.- Այո՛: Սաշա Ճիհանեանը՝ իբրեւ սոփրանօ, Էլի Պէրպէրեանը՝ թենոր, Վարդան Գաբրիէլեանը՝ պաս: Նաեւ ուրախ եմ, որ հայ մեներգողներուն միացաւ Մարի-Աննիք Պելիվոն՝ իբրեւ մեցցօ: Չորսն ալ տաղանդաւոր են, երիտասարդ եւ խոստմնալից:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Երգեհոնահարն ալ վստահաբար տաղանդաւոր է:
ՊԵՏՐՈՍ ՇՈՒԺՈՒՆԵԱՆ.- Ֆիլիփ Քրոզիէն ճանչցուած երգեհոնահար մըն է: Պատիւ է մեզի համար իր մասնակցութիւնը:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Ուրեմն, խանդավառութեամբ կը սպասենք Շաբաթ, 11 Ապրիլը: Գիտենք, որ մեծ աշխատանք կը տարուի Էկլիզ Սեն Ժան Պաթիսթը լեցնելու համար: Ապա, այլ հարցում մըն ալ՝ ինչո՞ւ 11 Ապրիլը ընտրեցիք: Հետաքրքրական է գիտնալ, մանաւնդ որ Հին Տոմարով այդ օրը 24 Ապրիլն է…
ՊԵՏՐՈՍ ՇՈՒԺՈՒՆԵԱՆ.- Նախ այստեղ կ՛ուզեմ յիշել Ս. Յակոբի հովիւին՝ Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեանի դերը, որ «Վերյառնումի Ս. Պատարագ»ին յօրինման առաջին օրէն մինչեւ այսօր նուիրեալ գործ կը կատարէ, նաեւ հոգաբարձութիւնն ու համերգին յանձնախումբը: Հսկայ աշխատանք տարուած է եւ կը տարուի, որ եկեղեցին լման լեցուի, այսինքն՝ շուրջ 2000 հոգիով, թերեւս աւելի: Իսկ գալով թուականի մասին ձեր հարցումին: Զարմանալի է, բայց այդպէս զուգադիպեցաւ: