ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Թէեւ տակաւին հեռու ենք մեր համազգային կարողականութեան դրսեւորման մակարդակը նուաճելէ, այս տարողութեամբ գործունէութիւնն ալ յուսալի է եւ գլխաւոր մարտահրաւէրը յառաջիկայ տարիներուն, նոյն թափի շարունակականութեան ապահովումն է:
Այդ ուղղութեամբ պէտք է նախ յաղթահարենք միայն յոբելենական տարիներուն ուժերու լարման փորձութիւնը, որ կարծես ազգային յատկանիշ մըն է: Կը թուի, թէ սովորական տարիներուն պէտք է ճիգ ու երանդ խնայենք, որպէսզի կարենանք յոբելենական տարիներուն ոստումներ կատարել:
Այս կշռոյթով աշխատանք տանելով, մենք կը վտանգենք մեր յառաջխաղացքը եւ նոյնիսկ նահանջի տեղի կու տանք: Ափսոս չէ՞, որ մեծ զոհողութիւններու գնով ձեռք բերուածը հետեւողականութեան պակասի պատճառով փոշիացնենք:
Յոբելենական մտայնութեան հիմքը մեր ապագայի հանդէպ հաւատքի պակասն է: Եթէ համոզուած ըլլանք, որ մենք կրնանք մեր ուժերով հասնիլ մեր նպատակին, ապա միայն տարուէ տարի պէտք է պայքարը սաստկանայ, աշխատանքները աւելի ու աւելի ծաւալին:
Յամենայնդէպս, եկէք այսօր ողջունենք տեսանելի, նոյնիսկ գլխապտոյտ պատճառող ապրիլեան հարիւրամեակի միջոցառումներու թէ՛ բազմազանութիւնը եւ թէ քանակի մեծութիւնը: Ողջունենք, սակայն, մեր ուշադրութեան կեդրոնին պահենք իւրաքանչիւր շրջանի մէջ ամէնէն կարեւոր ձեռնարկը եւ ամէն գնով ապահովենք անոր գերազանց յաջողութիւնը: Մեր շրջանի պարագային, ատիկա «Յանուն Արդարութեան Քայլարշաւ»ն է: