Համախմբումը, որ կազմուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Խաչօ Աշաճեանի, Ատրին Նազարեանի եւ Սքաթ Ուիլքի նախաձեռնութեամբ, արդէն իսկ ներկայացուցած է այս տարին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման տարի հռչակող թիւ AJR 2 բանաձեւը, որ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային կոչ կ՛ընէ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու։
Համախմբումը ստանձնած է նաեւ Ապրիլ 20ին, Սաքրամենթոյի մէջ կայանալիք Ցեղասպանութեան պաշտօնական ոգեկոչումի եւ անոր զուգահեռ Քալիֆորնիոյ թանգարանին մէջ բացուած, մինչ Օգոստոս 2 շարունակուող եւ հայութեան նուիրուած ցուցահանդէսի, ինչպէս նաեւ շարադրական մրցանքի մը հովանաւորութիւնը։
Նաեւ, համախմբումը պիտի հարստացնէ նահանգային գրադարանին մէջ Ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքերու հաւաքածոն ու ջանք պիտի տանի Թուրքիոյ տնտեսութեան մէջ ներդրումնրը ետ քաշելու գծով, որուն համար ներկայացուած է թիւ AB 1410 բանաձեւը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.