Ս. Յարութեան տօնը Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Ս. պատարագով։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պատարագեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ եւ պատգամ մը ուղղելով, նշեց, որ Յիսուս աշխարհ առաքելութեան պատգամին հետեւելով՝ մեր ժողովուրդն ալ Ցեղասպանութենէն ետք ապրեցաւ իր յարութիւնը, պահպանելով իր հաւատքն ու ազգային աւանդները:
Ս. Յարութեան տօնի նախօրեակին, Ուրբաթ երեկոյ, եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ Քրիստոսի թաղման յիշատակի արարողութիւնը։ Սրբազանը հանդիսապետեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ արարողութեան: Շաբաթ երեկոյ, տեղի ունեցաւ Ս. Յարութեան նախատօնակի արարողութիւնը՝ Ճրագալոյցը, որուն աւարտին, մեր հոգեւոր հայրերը Յիսուսի Ս. Յարութեան աւետիսը տուին հաւատացեալներուն, որոնք մոմեր ի ձեռին, տուն վերադարձան իրենց յարկերը լուսաւորելու Ս. Յարութեան լոյսով: Սրբազանը հանդիսապետեց Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ արարողութեան, որուն աւարտին, կատարեց Նահատակաց վերանորոգուած յուշարձանին օրհնութիւնը: Իսկ Երկուշաբթի, Ապրիլ 6ին, պահպանելով դարաւոր աւանդութիւնը, մեր եկեղեցին յիշատակեց Մեռելոց տօնը՝ վեր առնելով ննջեցեալներուն յիշատակը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.