ԵՐԵՒԱՆ.– Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի դահլիճին մէջ 7 Ապրիլին՝ ժամը 12:00ին պիտի մեկնարկէ «Ցեղասպանութեան տարիներուն Մերձաւոր Արեւելքի հայ հոգեւորականութեան առաքելութիւնը» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը։
Գիտաժողովը պիտի կայանայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հովանաւորութեան տակ՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան ուսումնարանի նախաձեռնութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Հայ աւետարանական ընկերակցութեան, «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի աջակցութեամբ:
Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Պիտի ընթերցուին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան ուղերձները:
Մասնակիցները պիտի ողջունեն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան ուսումնարանի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը:
Գիտաժողովի մասնակիցները եւ հիւրերը նիստէն առաջ պիտի մասնակցին Սուրբ պատարագին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.