Պատասխանելով «Նիուզ»ի թղթակիցի հարցումներուն՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հայեցակարգային գրասենեակի տնօրէն Բագրատ եպս. Գալստանեան նշած է, որ եկեղեցին դէմ է յղիութեան արհեստական ընդհատման՝ անկախ անոր պատճառներէն: Եկեղեցին ըմբռնումով կրնայ մօտենալ վիժումի երկու պարագային միայն՝ եթէ յղիութիւնը չընդհատելը վտանգաւոր է կնոջ առողջութեան համար եւ եթէ յղիութիւնը բռնաբարութեան արդիւնք է։
Երկրորդ պատճառը, ըստ եպիսկոպոսին, այնքան ալ միանշանակ չէ, եւ շատերուն կողմէ չէ ընդունուած։
Բագրատ եպս. Գալստանեան նշած է, որ եկեղեցին ընդհանրապէս դէմ է ամէն տեսակի եւ բոլոր պարագաներու վիժումներուն։ «Չի կարելի երեխայի սեռով պայմանաւորուած աբորտների ու առհասարակ աբորտների խնդիրը դիտարկել մարմինը սեփական հայեցողութեամբ կառավարելու կնոջ իրաւունքի լոյսի ներքոյ: Շատ աւելի գերակայ է մարդու կեանքի իրաւունքը եւ այն փաստի ընկալումը, որ փողոցով քայլող մարդն ու մօր որովայնում ապրող պտուղը գոյութեան հաւասար իրաւունքներն ունեն: Շատ կարեւոր է հասկանալ նաեւ, որ ե՛ւ տղայ երեխան, ե՛ւ աղջիկ երեխան առաջին հերթին մարդ են», նշած է եկեղեցականը:
«Սելեկտիւ աբորտներն անընդունելի են, եւ դա քննարկման ենթակայ չէ», հաստատած է Բագրատ եպս. Գալստանեան:
Անոր համաձայն՝ 2011 թուականէն եկեղեցին՝ առողջապահութեան նախարարութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցաբար, կը հետապնդէ այս հարցը եւ կարելին կ՛ընէ՝ մարդոց հասկցնելու, որ երեխային սեռով պայմանաւորուած յղիութեան արհեստական ընդհատումը չարիք է, որ պէտք է արմատախիլ ըլլայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
«Սելեկտիւ աբորտներն»
Երբ՞ մեր քաղաքական և կղերական ղեկավարները պիտի հրաժարին օտար լեզու գործածելէ, ցաւալի է։