Ստորեւ իր ամբողջութեան մէջ կը ներկայացնենք Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը, ստորագրուած գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանի կողմէ, ուր կ՛ըսուի.
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր թափանցիկ ըլլալու կոչումին, պատասխանատուութեան իր ուժեղ գիտակցութեան եւ իմաստուն կերպով իրեն վստահուած նիւթական միջոցները կառավարելու յանձնառութեան:
Վերջերս, ներքին հետաքննութիւններ բացայայտեցին կարգ մը զեղծարարութիւններ եւ նուիրուած գումարներու իւրացում՝ նախկին պաշտօնեայի մը կողմէ։
Իրաւապահ մարմինները անմիջապէս տեղեկացուեցան, որոնք հարցը հետազօտելէ եւ քննելէ ետք ձերբակալեցին նախկին պաշտօնեան։ Աւետարանչականը կը շարունակէ սերտօրէն գործակցիլ իրաւապահ մարիններուն հետ հետապնդելու այս հարցը, ամէն ջանք թափելով եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով վերականգնելու ապօրինի ձեւով իւրացուած նիւթական կորուստները։
Միեւնոյն ժամանակ որդեգրուեցան շարք մը ներքին վերահսկողութեան միջոցներ, խուսափելու ապագայի նմանատիպ միջադէպերէ։ Գործակցելով մեր հաշուեքննիչներուն հետ, պիտի շարունակենք ուսումնասիրել մեր գործառարքները, որպէսզի ամէն գնով ապահովենք ուղղամտութիւն հաստատել՝ նիւթական մեր բոլոր գործունէութիւններուն մէջ։