
25 Մարտին Նինոծմինտա քաղաքին մէջ կայացաւ քայլերթ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Նախաձեռնողն էր Նինոծմինտայի Երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնը: Անկէ առաջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն՝ Օսմանեան բռնատիրութեան վայրագութիւններուն, Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ՝ Անմոռուկի խորհուրդին եւ գաղափարին մասին:
Երթին մասնակիցները Երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնէն ուղղուեցան դէպի Նինոծմինտայի քաղաքապետարանի վարչութեան շէնք: Անոնք բարձրացուցած էին տարբեր կարգախօսներով ցուցապաստառներ եւ Հայաստանի ու Վրաստանի դրօշակներ: Անցորդներուն կը բաժնուէին թռուցիկներ՝ «Եթէ չլինէր Ցեղասպանութիւնը՝ կը ծնուէին միլիոնաւոր մանուկներ», «Յիշում ենք ու պահանջում», «Ցեղասպանութիւնը խլեց իմ նմանների մանկութիւնը» եւ այլ կարգախօսներով ու անմոռուկներով:
Երիտասարդական կեդրոնի ներկայացուցիչներուն, սաներուն անունով փոխանցուեցան դիմում-նամակներ՝ Նինոծմինտայի քաղաքապետական խորհուրդէն ընտրուած Վրաստանի խորհրդարանի մեծամասնական պատգամաւոր Հ. Մկոյեանին, Նինոծմինտայի տեղական խորհուրդի նախագահ Ս. Կիւրեղեանին եւ Նինոծմինտայի քաղաքապետութեան վարչութեան նախագահ Գ. Ղարսլեանին:
Անկէ ետք քայլարշաւին մասնակիցները ուղղուեցան Նինոծմինտայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, ուր Արմաշ քհնյ. Պօղոսեանին հետ աղօթեցին եւ մոմեր վառեցին՝ Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: