«Հաճելի օր մըն էր դպրոցէն ներս այսօր։ Տիկի՛ն, երանի ամէն օր այսպէս ըլլայ». Զ. կարգէն աշակերտ մը այսպէս արտայայտուեցաւ Փետրուար 24, 2015ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանէն ներս, երբ Մայրենիի Օրուան նուիրուած յատուկ աշխատանքներ նախաձեռնեցինք։ ԵՈՒՆԵՍՔՕի կողմէն հռչակուած Միջազգային Մայրենիի Օրը, Փետրուար 21ի փոխարէն՝ Փետրուար 24ին նշուեցաւ մեր վարժարանէն ներս։
Հաճելի եւ շինիչ էր միեւնոյն ժամանակ, երբ աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին եւ եղան պատգամաբերները այդ օրուան։
Առաջին հերթին, ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական վարժարանի Ժ. կարգէն երկու աշակերտներ՝ Արի Էքմէքճեան եւ Մեղեդի Մանոյեան, այցելեցին մեր վարժարանը եւ մեր աշակերտութեան բացատրեցին Ցեղասպանութեան 100ամեակի Ոգեկոչման խորհրդանիշը հանդիսացող Անմոռուկ Ծաղիկի իմաստը՝ ցուցադրելով Power Point մը անոր մասին։
Դպրոցիս Աշակերտական խորհուրդի անդամները յիշեցուցին աշակերտութեան, թէ այդ օրը Միջազգային Մայրենիի Օր ըլլալով՝ անոնք պէտք է խօսին միայն հայերէն, թէ՛ դասարաններէն եւ թէ խաղավայրէն ներս, եւ թէ անոնք հսկողութեան տակ պիտի ըլլան ու անգլերէն խօսողները պիտի զգուշացուին, որ չմոռնան, թէ հայերէն լեզուին տրամադրուած օր մըն էր այդ յատուկ օրը։
Ուսուցչուհիները խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին աշակերտներուն համար, թէ՛ նախաճաշի, եւ թէ ճաշի զոյգ զբօսանքներուն ընթացքին, երբ ճաշասրահին մէջ լսուեցաւ հայկական երաժշտութիւն, եւ ուսուցիչ ու աշակերտ շուրջպար բռնեցին միասին։ Իրապէս կ՛երկրորդենք մեր աշակերտին փափաքը. «Ինչո՞ւ ամէն օր այս չենք կրնար ընել»…
100 տարիներ ետք, աւելիով զգալի կը դառնայ ՃԵՐՄԱԿ æԱՐԴի վնասները։ Ոմանց անտարբերութիւնը մայրենիին հանդէպ աւերներ կը գործէ, եւ հաւանաբար, ամէն օր Մայրենիի Օր պէտք է հռչակել սփիւռքահայ գաղթօճախներէն ներս… Հռչակողները եւ անդրադարձողները միայն կրթական մշակները չեն կրնար ըլլալ… Դժբախտաբար, ճերմակ ջարդին տեղի տուած ենք շատերս. բայց եւ այնպէս, յարգելի են բոլոր այն գիտակից ծնողները, որոնք ի գին բոլոր զոհողութիւններու եւ դժուարութիւններու՝ կառչած կը մնան իրենց սկզբունքներուն, ազգային դիմագիծին ու աւանդին եւ կը զգան անհրաժեշտութիւնը զանոնք փոխանցելու յաջորդ սերունդին։
Նոյն օրը, դպրոցս այցելեց Armenian Tree Project-ի պատասխանատու Անահիտ Ղարիպեանը եւ աշակերտներուն ներկայացուց իրենց կազմակերպութեան տարած աշխատանքները՝ հայրենի բնութեան պահպանման ի խնդիր։ Ապա, Զ.էն Ը. կարգի աշակերտները հերթաբար այցելեցին մանկապարտէզէն Բ. կարգի աշակերտներուն եւ խումբերու բաժնուելով՝ իրենցմէ փոքր աշակերտներուն հայկական մանկական գիրքեր կարդացին։ Անոնք հոգեկան բաւարարուածութիւն պարգեւեցին իրենց հայերէն լեզուի դասատուներուն, երբ վերջիններս ականատես եղան իրենց աշակերտներուն ցուցաբերած լրջութեան եւ պատասխանատուութեան՝ անոնց ստանձնած գործին հանդէպ։
Աշակերտական խորհուրդի անդամները եւս, այդ օրուան վերջին երկու դասապահերուն ընթացքին այցելեցին Գ.էն Ե. կարգի աշակերտներուն, ցուցմունքներ տուին եւ անոնց հետ ունեցան հայերէն գրքոյկներ գրելու աշխատանիստ մը։
Մայրենին իրապէ՛ս աւելիով ապրեցաւ մեր վարժարանէն ներս այդ օրը։
Յատուկ շնորհակալութիւն Արմիկ Մաթոսեանին՝ Աշակերտական խորհուրդի պատասխանատու ուսուցչուհիին, եւ Լիզա Մանոյեանին՝ Հայերէն բաժանմունքի պատասխանատու ուսուցչուհիին, որ նման հաճելի եւ հետաքրքրական օր մը կազմակերպած էին։
(Թղթակցութիւնը Վարժարանէն)