ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը աշխատանքային այցելութեամբ Եգիպտոս կը գտնուի։ 13 Մարտին ան մասնակցած է «Եգիպտոսի տնտեսութեան աջակցութեան եւ զարգացման» միջազգային տնտեսական համաժողովի բացման, որուն ներկայ էին շուրջ 100 պետութիւններէ նախագահներ, կառավարութիւններու ղեկավարներ, միջազգային ֆինանսական կառոյցներու պատասխանատուներ:
Համաժողովին ընթացքին քն-նարկուած են Եգիպտոսի եւ ընդհանրապէս համաշխարհային տնտեսութեան մէջ առկայ իրավիճակը, յառաջիկային նախատեսուող զարգացումները, մարտահրաւէրները, խնդիրներն ու անոնց լուծման հաւանական տարբերակներն ու ուղիները։
Ժողովին բացման խօսքը արտասանած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ Ալ Սիսին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.