ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».¬ Հոլիվուտի նշանաւոր աստղերէն Ճորճ Քլունին իր համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի յիշատակի օրուան՝ նեցուկ կանգնելով եւ սատարելով այս առիթով կայացած նոր նախաձեռնութեան: Արդարեւ, 10 Մարտին Նիւ Եորքի մէջ ազդարարուած «100 LIVES» («100 կեանք») նախաձեռնութեան մեկնարկի արարողութեան մասնակցած են ինք եւ իր կինը՝ յայտնի իրաւապաշտպան Ամալ Քլունին: Այս մասին կը գրէ բրիտանական «Տէյլի մէյլ»ը։
«Ինծի համար պատիւ է համագործակցիլ «100 LIVES»ի հետ, քանի որ անիկա եւ իմ «Not On Our Watch» հիմնադրամս նոյն նպատակը կը հետապնդեն՝ աշխարհին ուշադրութիւնը սեւեռել ցեղասպանութեան ազդեցութեան վրայ եւ միջոցներ ներդրել աշխարհին մէջ զանգուածային կոտորածներու վերացման համար«, ըսած է Քլունին՝ աւելցնելով, որ ցեղասպանութիւնները մինչեւ այսօր կը շարունակուին։
Հեղինակաւոր «Տը Էքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը՝ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայերը փրկած անհատներուն տրուող «Աւրորա» մրցանակի (Aurora Prize for Awakening Humanity) մեկնարկի հանդիսութեան, նշած է, որ ամերիկացի եւ օտար միսիոնարներ 1915 թուականի զանգուածային կոտորածներու եւ տեղահանութիւններու կարեւոր վկաներն են: «Սուրիայէն մինչեւ Անդրկովկաս երկարող վայրերուն մէջ միսիոնարները օգնութիւն ցուցաբերած են փրկուածներուն, հետեւած են, որպէսզի որբերը սնունդ ունենան, կրթութիւն ստանան եւ կարողանան նոր կեանք սկսել: Այս բոլորին համար գումարները հաւաքուած են ամերիկեան եկեղեցիներուն մէջ, իսկ երբ ամերիկեան նպաստամատոյցներուն մէջ պահուող երեխաները վատ սնունդ կը ստանային, անոնց կ՛ըսէին. «Մտածէ՛ սոված հայերուն մասին եւ աւելի երախտապարտ եղիրօ, կը գրէ «Տը Էքոնոմիսթ»:
Գնահատելով ու խոնարհելով վերապրածներուն եւ անոնց փրկութեան սատարածներուն դիմաց՝ «100 LIVES» նախաձեռնութիւնը սահմանած է «Աւրորա» մրցանակ՝ մերօրեայ անձնազոհ մարդոց աջակցելու եւ զանոնք խրախուսելու նպատակով: «Աւրորա» տարեկան մրցանակով նախատեսուած է նաեւ 1 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն. յաղթողը գումարը պիտի յատկացնէ այն կազմակերպութեան, զոր ներշնչած է զինք մարդասիրական քայլեր կատարելու: «Աւրորա» մրցանակաբաշխութեան յաղթողները պիտի ճշդեն հեղինակաւոր դատական կազմի անդամները՝ Ճորճ Քլունին, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ Էլի Վիզելն ու Օսքար Արիասը, ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու գծով նախկին բարձրագոյն յանձնակատար, Իրլանտայի առաջին կին նախագահ (1990-97) Մերի Ռոպինսընը, Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գծով ՄԱԿի խորհրդական Կարեթ Էվանսը, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ գործող Քարնեկի համագործակցականի նախագահ Վարդան Գրիգորեանը:
Հոլիվուտեան աստղերուն աջակցութեամբ հայկական ծագում ունեցող այս նախաձեռնութեան կեանքի կոչումը այլ առումով եւս խորհրդանշական է: Մրցանակաբաշխութեան անունը՝ «Աւրորա»ն եւս հոլիվուտեան արմատներ ունի: Անունը ընտրուած է ի պատիւ Ցեղասպանութիւնը վերապրած, Խարբերդէն սերող Արշալոյս (Աւրորա) Մարտիկանեանի, որ 1919 թուականին նկարահանուած է հոլիվուտեան «Յօշոտուած Հայաստանը» ժապաւէնին մէջ։ Անիկա Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայացնող առաջին շարժապատկերի ժապաւէնն է։
24 Ապրիլ 2016ին Երեւանի մէջ «Աւրորա» անդրանիկ մրցանակի տուչութիւնը պիտի կատարէ Ճորճ Քլունին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.