
ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 10 Մարտին հանդիպում ունեցած է Սլովենիոյ նախագահ Պորութ Փահորի հետ: Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ ողջունելով Հայաստանի նախարարին այցելութիւնը, Սլովենիոյ նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Սլովենիոյ յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, եւ իր երկիրը մտադիր է շարունակել համագործակցութեան համակողմանի զարգացումը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ նախարար Նալբանդեան նշած է, որ իր այցելութեան նպատակն է քննարկել Սլովենիոյ հետ փոխգործակցութեան խորացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք միացեալ քայլերը:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացման, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան խորացման ուղիներուն, գործարար համաժողովներու կազմակերպման, իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, մշակութային, գիտակրթական բնագաւառներուն մէջ փոխգործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւններուն:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային խնդիրներու եւ անոնց կարգաւորման կարելիութիւններուն շուրջ: Այս պարունակին մէջ նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ձեռնարկուող ջանքերը: Սլովենիոյ նախագահը վերահաստատած է աջակցութիւնը՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ տարուող աշխատանքներուն եւ անոնց առաջարկներու հիման վրայ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման: