
ԵՐԵՒԱՆ.– ՄԱԿի մէջ Հայաստանի եւ Կիպրոսի մնայուն ներկայացուցչութիւնները՝ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ), Միացեալ Թագաւորութեան Հիւսիս-սկովտիական բարձրաւանդակին եւ կղզիներու համալսարանի եւ Ափրիկեան սփիւռքի կանանց ցանցին (DAWN) հետ գործակցաբար, 9 Մարտին կազմակերպած էին Սփիւռքի կիներու դերին վերաբերեալ քննարկում՝ ՄԱԿի Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 59րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ։
ՄԱԿի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած նախաձեռնութեան ընթացքին խօսք առած են Հայաստանի եւ Կիպրոսի մնայուն ներկայացուցիչները, Նիւ Եորք քաղաքի քաղաքացիական դատարանի նախկին դատաւորներէն մէկը, Հիւսիս-սկովտիական բարձրաւանդակին եւ կղզիներու համալսարանի պատմութեան դասախօսը, «DAWN»ի գործադիր տնօրէնը, ՄԱԿի Սեռային հաւասարութեան եւ կիներու յառաջխաղացման մարմինի (UN-Women) փորձագէտը եւ ՀՕՄի ներկայացուցիչը: Քննարկումը կը վարէր «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիրը:
Քննարկման, որուն կը մասնակցէին մեծ թիւով անդամ պետութիւններու, ՄԱԿի տարբեր մարմիններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ընդգծուած է Սփիւռքի կիներուն բացառիկ փորձառութիւնը մշակութային, ընկերային եւ սեռային իմաստով իրենցմէ տարբեր պատկանելիութեամբ ազգերու հետ յարաբերելու տեսանկիւնէ, որուն միջոցով կարելի կ՛ըլլայ հասարակութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ զարգացում ապահովել: Քննարկուած է, թէ ինչպէս հայրենիքն ու Սփիւռքի գաղութները կրնան փոխադարձաբար ազդել իրարու վրայ եւ ամրապնդել միմեանց՝ կիներու զարգացման եւ սեռային հաւասարութեան խթանման նպատակով, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է այն ուղիներուն, որոնք 2015էն ետք մշակոյթի եւ աւանդութիւններու պահպանման իմաստով կարեւոր են, եւ որոնց շարունակականութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին իգական սեռին պատկանողները։
ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Զոհրաբ Մնացականեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է Սփիւռքի կիներու անփոխարինելի դերը հայ համայնքներու վերածնունդի եւ ինքնութեան պահպանման, ապաստան գտած երկիրներու հասարակութիւններուն մէջ համարկուելու, այդ երկիրներուն իրենց նպաստը բերելու, ինչպէս նաեւ պատմական հայրենիքին հետ կապերը ամրապնդելու տեսանկիւնէն՝ նշելով, որ այդ թեման կարեւոր նշանակութիւն ունի կիներու զարգացման ու Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի 59րդ նստաշրջանին համար:
Սփիւռքահայ բանախօսները իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձած են Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած իրենց ընտանիքներուն, մայրերուն ու նախնիներուն մաքառումներուն, տոկունութեան ու հետագայ ձեռքբերումներուն։