«Times.am»ին յայտնի դարձած են նոր տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն՝ թրքական բանակէն շուրջ 50 հրամանատարներ՝ զօր. Նեւզատ Թաշտելերի հրամանատարութեամբ, այս օրերուն կը գործեն Ատրպէյճանի մէջ: Անոնցմէ երկուքը Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի խորհրդականի կարգավիճակ ունին: Մէկը նոյն պաշտօնը ունի նաեւ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերու սպայակոյտին մէջ: Երկուքական թուրք հրամանատարներ կ՛աշխատին Ատրպէյճանի բոլոր զօրատեսակներու հրամանատարական կազմերուն հետ: Հինգ այլ հրամանատարներ կը ծառայեն Ատրպէյճանի յատուկ նշանակութեան զօրքերուն մէջ:
Այս բոլորը ենթադրել կու տան, որ Ատրպէյճանի բանակը ամբողջութեամբ կը գտնուի Թուրքիոյ փաստացի վերահսկողութեան տակ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.