Արամ սրբազան յստակացուցած է, որ պատրիարքի ընտրութիւնները կը կատարուին Կրօնական ժողովին որոշումով, եւ միայն այս մարմինը իրաւասու է, որ ընտրութիւններ հրաւիրելու խնդրանքով դիմէ թրքական պետութեան: Կրօնական ժողովը Թուրքիոյ կողմէ վաւերացուած այն մարմինն է, որ իրաւասու է լուծելու եկեղեցիին առնչուող տարաբնոյթ հարցեր: Ներկայի Կրօնական ժողովը ունի 10 անդամ, իսկ անոր նախագահն է Արամ արք. Աթէշեանը:
«Պիտի դիմենք թէ պիտի չդիմենք՝ այդ մեր որոշումն է. աթոռակից պիտի ընտրենք թէ ուղղակի պատրիարք պիտի ընտրենք՝ այդ Կրօնական ժողովին որոշումն է», ըսած է ան:
Մինչեւ 1860ականները, Պոլսոյ հայ համայնքին մէջ գործած էր Ազգային ժողովին նմանութեամբ մարմին մը, որ ունէր կրթութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու վերաբերող յանձնախումբեր, սակայն յետագային Թուրքիա արգիլած էր զայն, այն պատճառաբանութեամբ, որ այդ կառոյցը՝ «պետութիւն է պետութեան մէջ»:
Քանի որ Պոլսոյ հայ համայնքին մէջ անհանգստութիւն կը տիրէ պատրիարքի ընտրութիւններուն կապակցուաթեամբ, հայ փաստաբան մը՝ Սեդրակ Դաւութհան, այդ հարցով դիմած է Սահմանադրական դատարան:
«Այդ մէկը իր իրաւացիութեան սահմաններէն ներս չէր եւ ոչ մէկուն իրաւացիութեան սահմաններուն մէջ է՝ բացի Կրօնական ժողովին, որ որոշած էր աթոռակից ընտրել», ըսած է Աթէշեան:
Արամ արք. Աթէշեան անընդունելի համարած է գործող պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի առողջական վիճակին մասին բժշկական զեկոյցին հիման վրայ նոր ընտրութիւններու կազմակերպումը:
«Պատմութեան մէջ այդպիսի բան եղած չէ. բժշկական զեկոյցը պատրիարքը վա՞ր կրնայ իջեցնել։ Վաղը, միւս օրը, առողջ պատրիարքի մը համար եւս քանի մը հոգի կրնան բժշկական տեղեկագիր պատրաստել, «հոգեկան հիւանդ է» կ՛ըսեն ու վար կ՛առնեն: Այսպիսի անիմաստ բաներ մեր հոգը չեն, պետութիւնն ալ չ՛ընդունիր, ու եթէ պետութիւնն իսկ ընդունի՝ մենք պիտի չընդունինք», ըսած է ան: Ըստ անոր՝ պատրիարքարանը չի փափաքիր ընտրութիւնը ձգձգել։
Ի դէպ, Ապրիլ 24ին, Արամ արք. Աթէշեան պատարագ պիտի մատուցէ եւ պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութեան: Ան նաեւ պիտի չմասնակցի Կալիփոլիի ճակատամարտին նուիրուած միջոցառման:
«Այդպիսի հրաւէր մը ստացած չեմ (Կալիփոլիի արարողութեան մասնակցելու), սակայն եթէ նոյնիսկ ըլլայ, չեմ կրնար երթալ, որովհետեւ նոյն օրը արարողութիւն ունիմ հոս», եզրակացուցած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
“oglum sen ishine back”…
Gnalov ays mard@ hakahayakakan u apazgayin voroshumneri u daveri masnakic u mexsakic e darnum… yev hayutyun@ lrum e… Parzic el parz e vor ir yev trkakan petutyqan , xekavarutyan mijev stor u davadir hamadzaynutyun ka. T urk karavarutyun@ ogtagorcum e mi bur artcatov vajarvac mi xumb davajanneri tulacnelu hamar te patriarkutyun@ yev te trkahpatak hay hamaynk@. glxavor dererum en surb prkich hivandanoci hogabardzuneri tnoren@, lragrox, davutoglui xorhrdakan , yachuphyan@ (?) yev ays mexk mard@ a. arkepikos ateshyan@…