ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «ՍԻ.Էն.Էն.».- Մարտ 6ին, Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Փետրուար ամսուան ընթացքին տնտեսութիւնը գոյացուցած է 295,000 աշխատատեղեր, որոնց շնորհիւ անգործութեան համեմատութիւնը 5.5 տոկոսի իջած է, ինչ որ նուազագոյն համեմատութիւնն է 2008ի Մայիսէն ի վեր։
Տարի մը առաջ, անգործութեան համեմատութիւնը 6.7 տոկոս էր։
Սակայն, տնտեսագէտներ կը յայտնեն, թէ վարձատրութեան աճի համեմատութիւնը կը շարունակէ «հիւանդագին» մնալ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.