ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 4 Մարտին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան հանդիպում ունեցած են Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսներուն հետ:
ՀՅԴի ներկայացուցիչները ներկայացուցած են սահմանադրական բարեփոխումներուն առնչութեամբ ՀՅԴի հայեցակարգը, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական գործընթացներուն առնչութեամբ իրենց մօտեցումները, ինչպէս նաեւ երկրի ներքաղաքական զարգացումներու պարունակին մէջ խնդիրներու լուծման ՀՅԴի պատկերացումները:
Քննարկուած են նաեւ կրթութեան ոլորտին վերաբերող շարք մը հարցեր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.