ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Ազգութեամբ քիւրտ այս պատկառելի արձակագիրը իր ստեղծագործական քանքարը նուիրաբերեց թրքական ներքնաշխարհի բացայայտման գործին: Իր վէպերը կը խօսին հոգեբանական դաժան հակասութիւններու մէջ բռնուած այն պարզ մարդոց մասին, որոնք հալածուած են իրենց ճակատագիրէն եւ չարչարագին ճիգերով կը փնտռեն ելքը…
Իր հերոսները ժառանգած են այն գիւղաշխարհը, որուն վրայէն անցած է Հայոց Ցեղասպանութեան սեւ ստուերը եւ ահաւասիկ սերունդներ ետք ժամանակը կը մերժէ սրբել մարդոց կեանքէն գործուած մեծ ոճիրին անէծքը: Մարդիկ կ՛ապրին այդ անէծքը ամէն օր անծայր տգիտութեան մէջ մշտնջենաւորելով իրենց յոռի բարքերը եւ հաւաքաբար ամրագրելով դասակարգային շահագործումի այն դժոխային մեքենան, որ կը ղեկավարէ իրենց կեանքերը:
Եաշար Քեմալ կը գրէ մեծ մարդկայնութեամբ եւ կարեկցանքով: Ան մէկ-մէկ կը յիշեցնէ իր ընթերցողին, որ այս հողերը ունէին իրենց հարազատ տէրերը, շինարար մէկ ժողովուրդ՝ որ վաղուց դադրած է ապրելէ հոս…
Ո՞ւր գացին անոնք՝ կÿըլլայ յաջորդ եւ անխուսափելի հարցումը՝ առանց յստակ պատասխանի: Կը պարզուի, որ իր հերոսները նաեւ զրկուած են այս առումով. անոնք չունին պատմական յիշողութիւն եւ ստիպուած են կրել այս ծանր բեռը:
Եաշար Քեմալի վէպերուն ընթերցումը ինծի յիշեցուցած է Թլկատինցիի գրականութիւնը: Ցեղասպանութեան զոհ՝ Թլկատինցին ապրեցաւ իր գաւառական անխաթար հոգիով, դաստիարակեց սերունդներ Խարբերդի իր դպրոցի յարկին տակ եւ անոնց շարքերէն հրապարակ իջան բազմաթիւ շնորհալի գրագէտներ, ինչպէս Ռուբէն Զարդարեան (իր կարգին՝ Ցեղասպանութեան զոհ): Թլկատինցի նաեւ մեծ արձակագիր մըն էր անսէթեւեթ եւ համեստ պատմողի իր դիրքերէն: Իր պատմուածքները չեն իտէալականացներ գաւառի կեանքը: Անոնց խստամբեր մթնոլորտը իրական հայելին է գաւառի հայոց կեանքին: Եաշար Քեմալի վէպերը իւրայատուկ ձեւով կը շարունակեն տարեգրութիւնը մարդկային այն իրականութեան, որուն բաբախուն վկայութիւնը կ՛ապրի Արեւմտահայ գրականութեան էջերուն մէջ: Եաշար Քեմալ կու տայ միւս երեսը գաւառին: Ան կու տայ թուրքերու «վերապրող» գաւառին բնութագիրը Ցեղասպանութենէն տասնամեակներ ետք՝ անպատմելի իր ներանձնութեամբ, կնճիռներով եւ տառապանքով: Եաշար Քեմալի ժամանակները շատ աւելի անթոյլատու էին քան այսօր եւ ան եղաւ առաջին ձայներէն մէկը իր ընդվզումը բարձրաձայնող:
Կարդալ Նաեւ՝ Մահացաւ Աղթամարի Եկեղեցին Կործանումէ Փրկած Եաշար Քեմալ
sra mern el!