Վենետիկի համալսարանի Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը, գործակցութեամբ Պօ-Արաքս մշակութային ընկերակցութեան, տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 3էն 19: Քննութիւնները՝ Օգոստոս 20ին: Ժամանում՝ Օգոստոս 1-2ին, մէկնում՝ Օգոստոս 21-22ին: Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ՝ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ՛ունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, օրը հինգ պահ, առաւօտեան: Դասերու ներկայութիւնը պարտադիր է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18:
Դիմումները պէտք է կատարել անձամբ եւ գրաւոր, նշելով միշտ հեռախօսի թիւ մը եւ ել-գրային (E-mail) հասցէ մը: Դասընթացքին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան մշակութային այլեւայլ ձեռնարկներ յատկապէս այս տարի՝ դասընթացքի երեսնամեակին:
Փափաքողներուն, կէսօրէն ետքերը, անվճար պիտի աւանդուին նաեւ դուդուկի եւ հայկական պարերու դասեր:
Արձանագրութեան սակն է 700 եուրօ կամ համապատասխան տարարժոյթով՝ ըստ օրուան սակին:
Այս գումարին 500 եուրոյի բաժինը պէտք է վճարուի կանխաւ՝ մինչեւ Մարտ 31: Այդ թուականէն ետք պէտք է վճարուի 550 եուրօ մինչեւ Յունիս 30, որ արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամն է: Արձանագրութեան մնացեալ մասը պէտք է վճարուի անպայման մուտքի օրը: Վարկաթղթային վճար (Credit card) չ՛ընդունուիր: 10 տոկոս զեղչ մը կը կատարուի անոնց, որոնք նախապէս լաւ արդիւնքով մասնակցած են դասընթացքին, գոնէ երկու անգամ: Նոյն զեղչը կը կատարուի նաեւ միասին յաճախող մօտիկ ազգականներէն մէկուն (ծնող, քոյր, եղբայր, կողակից): Արձանագրութեան սակը ոչ մԷկ պարագայի կը փոխուի եւ կատարուած վճարումը որեւէ պատճառով չի վերադարձուիր: Ամէն վճարագիր (չէք), որ պէտք է անպայման դրամատնային եւ միջազգային ըլլայ, պէտք է հասցէագրուի միայն ASSOCIAZIONE PADUS-ARAXES-ին եւ ղրկուի Assoc. Padus-Araxes – c/o Dip. Studi Asiatici – San Polo 2035- 30125 Venezia (Italia) հասցէին.
Ընդունելի չեն անձնական եւ փոստային չէքերը: Ամէն չէք պէտք է ունենայ դրամատան երաշխիքը եւ յենու բաժնեկից իտալական դրամատան մը: Անոնք, որոնք կը նախընտրեն դրամատնային փոխանցումով (bank transfer) վճարել, պիտի ստանան այս մասին հարկաւոր տեղեկութիւնները (հաշիւի թիւ, IBAN եւլն.): Դրամատնային բոլոր ծախսերը դիմողին կը պատկանին: Իսկ փոստի միջոցով փոխանցումը պէտք է կատարուի միայն միջազգային փոխանցագիրներու միջոցով՝ mandat-poste international/international money-order: Դրամատնային կամ փոստային փոխանցման բոլոր ծախսերը կը պատկանին դիմորդին:
Կ՛ընձեռուի բնակութեան հնարաւորութիւն համալսարանական ուսանողատան մը մէջ՝ Վենետիկի պատմական կեդրոնը, օժտուած խոհանոցային յարմարութիւններով: Օգոստոս 1-21 ներառեալ, ամբողջ շրջանին համար. բնակութեան սակն է 820 եուրօ առանձին սենեակի մէջ, 610 եուրօ երկու հոգինոց սենեակի մէջ, երկու պարագային ալ լոգարանային յարմարութիւններով օժտուած: Բնակութեան վճարը, տուեալ ժամանակաշրջանին ընթացքին, ենթակայ չէ օրական հաշուարկումի:
Ճաշ մը կամ ընթրիք մը, համալսարանի սեղանատան կամ պայմանագրուած այլ հաստատութեան մը մօտ, պիտի արժէ 9 եուրօ:
Անոնք, որոնք կը խորհին նշեալ թուականներէն աւելի առաջ ժամանել կամ ետք մեկնիլ, պէտք է իրենք հոգան իրենց բնակութեան յարմարութիւնը այդ օրերուն համար:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար ել-գիր մը ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝ daniela @padus-araxes.com, ի հարկին հեռաձայնել բջիջայինի թիւին՝ +39.347.4562981, Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի առաւօտները ժամը 10.30-13.00, եւ կամ Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ իրիկունները, ժամը 20.00-21.30 (Իտալիոյ ժամով): Լաւ ստուգել երկիրներու միջեւ ժամերու տարբերութիւնը:
Բացակայութեան պարագային կրկին փորձել եւ յստակ ու հասկնալի պատգամ մը թողուլ բջիջայինի ընկալուչին՝ նշելով անուն եւ հեռաձայնի թիւ: Երբեք չհեռաձայնել Վենետիկի համալսարանի գրասենեակներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.