ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ-ԵԱՐԱԼԵԱՆ
Ուզեցին մէկ հայ թողնել,
Եւ այն էլ… թանգարանում…
Կը ջանամ հետեւիլ 100րդ տարելիցի բազմազան ծրագիրներուն. յիշատակի եւ պահանջատիրական հանդէսներ, դատական պահանջներ, յուշարձաններ, ցուցահանդէսներ, քայլարշաւներ, ուխտագնացութիւններ, դասախօսութիւններ, սեմինարներ, գիրքերու հրատարակութիւններ, թարգմանութիւններ, ֆիլմեր, եւ այլն…
Այս բոլորէն անկախ, համոզուած եմ, որ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին, արեւմտահայու ամէնէն դիպուկ եւ վճռական պատասխանը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալը: Մեր մեծ հայրերն ու մայրերը հայրենիքէն զրկուեցան եւ օտար երկիրներու մէջ մեզի կեանք տուին: Վերադարձի յոյսը եւ կամքը առկայծ պահելով, իրենց ըմբռնած եղանակներով պայքարեցան: Այսօր ունինք անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ միայն կորիզն է խլուած եւ 100 տարի առաջ դատարկուած Հայաստանին: Այդ հայրենիքը, իր անկախ եւ խլուած բաժիններով հոն է. «կորուսեալ» չէ, ինչպէս ոմանք կը սիրեն ըսել: Մեզի կը մնայ ատոր ՏԷՐ ըլլալ:
Եւ ԽՆԴՐԵՄ (քերականական կոպիտ խախտումին համար ներողամիտ եղէք). «Պետականութիւն» եւ «Իշխանութիւն» ըմբռնումները իրարու հետ մի՛ շփոթէք, գոնէ այս անգամ: Այս բոլորէն անդին, եւ ասոնցմէ առաջ, շա՜տ աւելի հիմնական եւ արմատական քայլ մը պէտք է առնել. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ստանալ: Մենք մեզի եւ թշնամիին պէտք է ապացուցենք, որ մենք Տէրն ենք ՄԵՐ Հայրենիքին: Խօսքով եւ երգով չէ. յանձնառութեա՛մբ ՏԷՐ ենք:
Պատմական այս քայլը պարտական ենք մեր հայրերուն եւ մեր զաւակներուն: Հայրենիքէն անջատ ապրող մեր զաւակներուն պէտք է փոխանցել Հայրենիքի պատկանելութեան հպարտութիւնը: Անոնց միտքին մէջ ստեղծուած Հայրենիքի աղօտ գաղափարը առարկայական իրականութեոան պէտք է վերածել: Իրողութենէն, պայմաններէն եւ ղեկավարներէն դժգոհանքը սեփական պետութիւնը նսեմացնելու իրաւունք չի տար:
100րդ տարելիցին մեր կորուստը իւրովի վերականգնենք: 1.5 միլիոն նահատակի համար այսպիսի պարզ ծրագիր մը Սփիւռքի բոլո՛ր գաղութներուն մէջ պէտք է կեանքի կոչել եւ հետապնդել: Ի՞նչը ցեղասպանին երեսն ի վեր նետուած աւելի հատու պատասխան կրնայ ըլլալ, քան տարուէ տարի հզօրացող Հայկական Պետութիւնը, օժտուած՝ պետականութեան բոլոր երաշխիքներով:
1.5 միլիոն ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱՑԻ աւելցնենք մեր Հայրենիքի բնակչութեան թիւին վրայ: Լաւ. գործնական ըլլալու համար, պէտք է առաջարկեմ, որ իւրաքանչիւր 100 նահատակի յիշատակին համար ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 1 (ՄԷԿ) ՔԱՂԱՔԱՑԻ աւելցնենք: Չյապաղինք: