Ա. Երիցեանի մէկ այլ հրամանով՝ Փրկարար ծառայութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոնի տեղեկատուական ապահովման եւ վիճակագրութեան բաժինի պետ Ալուինա Մնացականեանին տրուած է փրկարար-ծառայող գնդապետի կոչում:
Ա. Մնացականեան ծնած է 30 Մայիս 1967ին, Երեւան։
1993էն աշխատանքի սկսած է քաղաքացիական պաշտպանութեան եւ արտակարգ իրավիճակներու հանրապետական ղեկավարման մարմինին մէջ՝ տարբեր կառոյցներու մէջ։
Աշխատանքային հարուստ կենսագրութեան ընթացքին (արտակարգ իրավիճակներու կանխման եւ հետեւանքներու վերացման վարչութիւն, բնակչութեան եւ տարածքներու պաշտպանութեան վարչութեան գիտական–թեքնիք բաժին, ապա ինքնաշխատ համակարգերու, ծրագրային եւ կապի ապահովման բաժին) Ալուինա Մնացականեան միշտ ուշադրութիւն գրաւած է բարեխիղճ ծառայութեամբ, բարձր պատասխանատուութեամբ, մասնագիտական գրագիտութեամբ եւ պատրաստուածութեամբ, իրեն վստահուած հարցերուն հրատապ ու ստեղծագործ լուծումներ գտնելու ընդունակութեամբ եւ մասնագիտական կարողութիւնները անընդհատ կատարելագործելու ձգտումով:
Գնահատելով անոր ներդրումը արտակարգ իրավիճակներու համակարգի զարգացման գործին մէջ, բարեխիղճ ծառայութիւնն ու մասնագիտական որակները՝ նախարար Երիցեանի որոշումով Ա. Մնացականեանը դարձաւ փրկարար ծառայութեան մէջ առաջին կինը, որուն շնորհուեցաւ գնդապետի կոչում:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.