Թարխանեան իր 43ամեայ ասպարէզին ընթացքին ծանօթ էր «Թարք տը Շարք» անունով: Ան յաղթանակով աւարտած էր համալսարանական մրցումներուն աւելի քան 80 տոկոսը՝ ապահովելով 761 յաղթանակ:
Նեւատայի համալսարանի Լաս Վեկասի մասնաճիւղի (UNLV) տղոց պասքեթպոլի խումբը չորս առիթներով «Ֆայնըլ Ֆոր»ի (Միացեալ Նահանգներու համալսարանական առաջնակարգ պասքեթպոլի խումբերու կիսաւարտականը) հասցուցած ու 1990ին նաեւ ախոյեան դարձուցած հռչակաւոր մարզիչը, Նէյսմիթի անուան պասքեթպոլի «Փառքի Սրահ»ի անդամ դարձած էր 2013ին:
Նոյն տարին, Նոյեմբեր 30ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին «Ժողովուրդի Ախոյեան» մրցանակով մեծարեց Թարխանեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.