Դիւանագիտական աղբիւրներու համաձայն՝ Հոլանտի եւ Մերքելի այցին դրդապատճառը այս շաբթուան ընթացքին Փութինի կողմէ իրենց յղուած առաջարկներն էին, որոնք կ՛առնչուէին Ուքրանիոյ ռուսամէտ ուժերու հակակշիռին տակ գտնուող տարածքներու ընդարձակման։
Հոլանտ եւ Մերքել Հինգշաբթի օր անակնկալօրէն Քիեւ այցելած էին ու խորհրդակցած Ուքրանիոյ նախագահ Փեթրօ Փորոշենքոյի հետ։ Նոյն օրը Քիեւ կ՛այցելէր նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի, որ Ռուսիոյ կոչ ուղղեց Ուքրանիոյ մէջ անմիջապէս զինադադար հաստատելու:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն ըսաւ, որ «Ուքրանիոյ տագնապը զինուորական լուծում չունի եւ աւելցուց, որ զինուորական քայլէն «որեւէ շահ չունինք եւ ճիշդ հակառակին կարեւորութիւնը կը շեշտենք»:
Հոլանտ եւս յայտարարած էր, որ Ֆրանսա դէմ է Ուքրանիոյ զինումին եւ ՆԱԹՕի անդամակցութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.