ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».– Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 30 Յունուարին ընդունած է կառավարութեան շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց կատարող, տարբեր տօնավաճառներուն մէջ գործունէութիւն ծաւալող տնտեսվարողները, որոնք դարձեալ բողոքի ցոյց կազմակերպած էին կառավարութեան շէնքին դիմաց՝ «Շրջանառութեան հարկի մասին» օրէնքի կիրարկումը կասեցնելու պահանջով: Փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան (ՓՄՁ) ներկայացուցիչները ներկայացուցած են իրենց դիտարկումները 1 Փետրուարէն ուժի մէջ մտնող «Շրջանառութեան հարկի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններուն վերաբերեալ:
Վարչապետ Աբրահամեան նշած է, որ կառավարութեան նպատակն է, որ ՓՄՁները աշխատին, արարեն ու այդպիսով նաեւ նպաստեն տնտեսութեան զարգացման: Կառավարութեան կայքին վրայ տեղադրուած լուրին մէջ նշուած է, թէ Յովիկ Աբրահամեան ընդգծած է, որ կառավարութիւնը հասարակութեան շահերէն չբխող եւ անոնց հակասող որեւէ քայլ պիտի չառնէ: Ան նաեւ ըսած է, որ օրէնքին առնչութեամբ տակաւին նախորդ տարուան ընթացքին ՓՄՁներուն ներկայացուցած առաջարկներու հիման վրայ տրուած են կառավարական համապատասխան որոշումներ, որոնք ալ աւելի դիւրին դարձուցած են եւ պարզեցուցած օրէնքին կիրարկելիութիւնը:
Տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում, որուն ընթացքին պատկան գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները պատասխանած են տնտեսվարողներուն հարցումներուն եւ լուսարձակի տակ առած իրենց փաստարկները:
Հանդիպման ընթացքին տնտեսվարողները «Շրջանառութեան հարկի մասին» օրէնքին վերաբերող նոր առաջարկներ ներկայացուցած են:
ՓՄՁի ներկայացուցիչները յատկապէս առաջարկած են, որ օրէնքը կիրարկուի կամաւորութեան սկզբունքով, բարձրացուի ձեռնարկութիւններու շրջանառութեան առաւելագոյն շեմը եւ հարկային մարմիններու ստուգումները սահմանափակուին:
Միաժամանակ, վարչապետը յանձնարարած է Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան՝ առանձին քննարկման առարկայ դարձնել ոսկիի առեւտուրով զբաղող տնտեսվարողներուն խնդիրները, գտնել համապատասխան լուծումներ՝ հաշուի առնելով նաեւ անոնց առաջարկները:
Ամփոփելով հանդիպման արդիւնքները՝ Յովիկ Աբրահամեան նշած է, որ բոլոր առաջարկները մանրամասնօրէն պիտի քննարկուին կառավարութեան կողմէ եւ յառաջիկային պիտի ներկայացուին հանրութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.