ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան գրական յանձնախումին կազմակերպութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով հրապարակային դասախօսութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Փետրուար 8ին, երեկոյեան ժամը 7ին։
Դասախօսն է UCLA եւ USC համալսարաններու հայոց եւ Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան դասախօս փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ պիտի խօսի Կեսարիոյ եւ Փոքր Ասիոյ հայ գաղութներուն մասին։ Նաեւ, պիտի ցուցադրուին տեսաերիզի հատուածներ՝ Տիգրանակերտի եւ համշէնահայերուն մասին։
Ձեռնարկը պիտի կայանայ Քալիֆորնիոյ Հայ երիտասարդաց միութեան «Խաչատուրեան» սրահին մէջ (1811 S. Glendale Ave. Glendale, CA, 91205)։ Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 552-2922 թիւին կամ ayac@sbcglobal.net հասցէին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.