ԵՐԵՒԱՆ.- «Թերթ»ը կը հաղորդէ, որ 31 երկիրներէ երիտասարդներու հետ կատարուած հարցախոյզի մասնակիցնեուն 47 առ հարիւրը յայտնած է, որ յարաբերականօրէն լաւ կամ շատ լաւ կը ճանչնայ Եւրոպայի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն տեղի ունեցած հրեաներու Ողջակիզման պատմութիւնը։ Հարցախոյզին մասնակցած է 16-29 տարեկան 31,172 երիտասարդ՝ 23 եւրոպական երկիրներէ, ինչպէս նաեւ Աւստրալիայէն, Քանատայէն, Չինաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Հնդկաստանէն, Իսրայէլէն, Ճափոնէն եւ Թուրքիայէն։ Ընդհանուր առմամբ, 10 երիտասարդներէն 9ն իբրեւ «ցեղասպանութիւն» նկարագրած է Եւրոպայի մէջ հրեաներու ոչնչացումը։ Անոնց 77 առ հարիւրը նոյն որակումը տուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915ին կատարուած հայոց կոտորածներուն։ 76 առ հարիւրը նոյնը ըսած է 1994ին Ռուանտայի մէջ թուցիներու կոտորածներուն մասին։ Վերջաւորութեան, երիտասարդներուն 57 առ հարիւրը յայտնած է այն կարծիքը, որ Համաշխարհային Գ. պատերազմը տեղի պիտի ունենայ «յառաջիկայ տարիներուն»։ Անոնց 35 տոկոսին համաձայն՝ այդ պատերազմը պիտի սկսի Ճափոնի մէջ, իսկ 86 առ հարիւրին՝ Ուքրանիոյ մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.