Յիշեցնենք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ի պատասխան Թուրքիոյ նախագահին նամակին, ուր ան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հրաւիրած է 24 Ապրիլին ներկայ ըլլալու Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակի յիշատակին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն, մերժողական նամակ յղած էր:
«Լաւ էր, որ պատասխան նամակում ներկայացւում էր Թուրքիայի քաղաքականութիւնը եւ լաւ էր, որ մեր նախագահը յիշեցնում էր, որ Թուրքիայի նախագահն արդէն Հայաստան գալու հրաւէր ունի», յայտնեց Կ. Մանոյեան:
Ան բնական նկատած է այն երեւոյթը, որ Թուրքիա փորձէ տարբեր հնարքներով հանդէս գալ մինչեւ 24 Ապրիլ՝ դիտել տալով, որ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք բոլոր հաւանական քայլերուն եւ բոլորին ալ համարժէք պատասխանենք:
«Պարզ է, որ Թուրքիան սա անում է, որովհետեւ բաւական վատ կացութեան մէջ է յայտնուել Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի առումով: Սա ոչ թէ իրենց կողմից նախայարձակ քայլ է, այլ՝ հակազդեցութիւն, ոչ միայն Հայաստանի պետութեան, այլ հայ ժողովրդի կողմից արդէն նախատեսուած եւ արդէն որոշ չափով ընթացքի մէջ գտնուող միջոցառումներին եւ քայլերին, ինչի ուղղութեամբ իրենք անհանգստացած են», դիտել տուաւ ան։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիա պիտի յաջողի՞ 24 Ապրիլին շեղել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Ցեղասպանութեան 100ամեակէն՝ Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Ես կարծում եմ, որ ճիշդ հակառակը՝ Թուրքիան իր այս քայլով միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց հէնց Ցեղասպանութեան տարելիցի՝ Ապրիլի 24ի վրայ, որովհետեւ Թուրքիայի նպատակը շատ բացայայտ էր»:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ իշխանութեան կողմէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի նամակը անարձագանգ ձգելուն՝ Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ ատիկա բնորոշ է Թուրքիոյ քաղաքականութեան՝ յիշեցնելով, որ իրենք նաեւ անտեսեցին Հայաստան գալու նախագահին հրաւէրը: «Սա իրենց քաղաքականութիւնն է եւ նոր չէ, երբ ինչ-որ հարցի վերաբերեալ իրենք լուրջ տեքստ չեն կարող ներկայացնել ու փորձում են անտեսել», ըսաւ Կիրօ Մանոյեան: Ան նաեւ յիշեցուց, որ նոյնը եղաւ 2005 թուականին, երբ Թուրքիա 24 Ապրիլէն քանի մը օր առաջ Հայաստանին առաջարկած էր կազմել պատմաբաններու յանձնախումբ: «Այն ժամանակուայ Հայաստանի նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը պատասխանել էր՝ ասելով, որ մեր երկու երկրների միջեւ հարցերն այնքան մեծ են, որ պատմաբանների ուսերին պէտք չէ թողնել եւ եկէք սկսենք նախ միջպետական յարաբերութիւններից: Թուրքիան երեք տարի անընդմէջ՝ մինչեւ Հայաստանի նախագահի կողմից ֆուտբոլային դիւանագիտութեան նախաձեռնութիւնը, ժխտում էր, որ Հայաստանը պատասխանել է իրենց: Նախագահը, վարչապետը, արտաքին գործերի նախարարը բացայայտ սուտ էին խօսում՝ ասելով, թէ իրենց դիմումին չենք արձագանգել», ըսաւ Մանոյեան՝ աւելցնելով, որ ատիկա իրենց վարքագիծն է: «Երբ իրենք չեն կարողանում ի նպաստ իրենց արձագանգել, փորձում են անտեսել», ըսաւ ան։
Ինչ կը վերաբերի այն հարցումին, թէ, ըստ անոր, ի վերջոյ, Թուրքիայէն ոեւէ մէկը 24 Ապրիլին պիտի գա՞յ Հայաստան՝ Մանոյեան ըսաւ, որ նման բան պէտք չէ բացառել, սակայն Թուրքիոյ այս քայլէն ետք հաւանականութիւնը աւելի քիչ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.