Լոս Անճելըսի արուեստի գլխաւոր ցուցահանդէսը նկատուող «LA Art Show»ին այս տարի կը մասնակցին 22 երկիրներէ 120 ցուցադրասրահներ։
Նարինէ Իսաճանեանի ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին Ամսթերտամէն «VK Gallery»ին յատկացուած կրպակին մէջ (Booth #928)։
Նարինէ Իսաճանեան ծնած է Հայաստան, ուր մասնագիտացած է արուեստի զանազան մարզերու մէջ։ Անոր ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են Փարիզի, Երեւանի, Մոսկուայի, Պէյրութի, Ապու Տապիի, Խրուաթիոյ, Պելճիքայի եւ Լոս Անճելըսի զանազան ցուցադրասրահներու մէջ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել narine5555@yahooo.com հասցէին, կամ այցելել www.narineisajanyan.com կայքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.