1995ին, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման կազմակերպութեան խնդրանքով, Սալբի Ագարակեան կը ստանձնէ յատուկ պարտականութիւն մը, տարածելու եւ բարելաւելու առողջապահութիւնը Հայաստանի մէջ:
Դասախօսութեան ժամանակ պիտի ներկայացուին առողջապահական ծրագիրներ, կատարուի ցարդ արձանագրուած յաջողութիւններու պատմականը եւ պիտի մատնանշուի նորագոյն մարտահրաւէրը՝ հիմնել ներքին ականջի տեղադրման (cochlear implant) կեդրոն մը: Անիկա լսողութիւն պարգեւող նուէր մը պիտի ըլլայ լսողական դժուարութիւններ ունեցող փոքրերուն եւ երիտասարդներուն համար:
Պիտի ներկայացուին այլ նոր ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ շնորհակալութեամբ պիտի յիշատակուին գլխաւոր նուիրատուներն ու բարերարները, որոնք իրենց լուման ներդրած են այս ծրագիրներու յաջողութիւններուն մէջ, ուր մեծ բաժին ունին USAID-ի նիւթական աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ UCLA-ի առողջապահական բաժանմունքի ու հայկական գաղութի ջանքերը:
Սալբի Ագարակեան B.Sc. եւ հիւանդապահութեան մէջ M.S. աստիճաններ ստացած է եւ այժմ Ph.D.ի թեկնածու է UCLA-ի հիւանդապահութեան բաժանմունքին մէջ, եւ տնօրէնն է Քալիֆորնիոյ համալսարանի բժշկական կեդրոնի միջազգային ծրագիրներու: Ան ղեկավարած է առողջապահական տարբեր ծրագիրներ եւ Հայաստանի մէջ հիմքը դրած է առողջապահութեան վերակազմաւորման աշխատանքներուն: Իր ջանքերով Հայաստանի մէջ սկսած են B.Sc. աստիճանի առողջապահութեան ծիրին որոշ ծրագիրները, շտապ բուժական օգնութեան ուսուցումները, ինչպէս նաեւ նախնական բուժօգնութեան խնամքի եւ կանանց առողջապահական կեդրոնները: Որպէս միջազգային ծրագիրներու տնօրէն, ան հիւրընկալած է հազարաւոր միջազգային այցելուներու եւ համադրած ուսումնական եւ գործնական փորձառութեան բազմաթիւ հարցեր անոնց հետ: Ան հիմնադիր տնօրէնն է Ամերիկահայ հիւանդապահութեան միութեան, որ հիմնադրուած է Քալիֆորնիոյ մէջ եւ 1996ին հիմնադրած է Հայ բուժքոյրերու միութիւնը՝ Հայաստանի մէջ:
Սալբի Ագարակեան 2014ին պարգեւատրուած է «Ellis Island Medal of Honor»ով:
Կը հրաւիրենք բոլորին ներկայ գտնուելու եկեղեցւոյս դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած այս ձեռնարկին, որուն մուտքը ազատ է: Այն բոլոր ազգայինները, որոնք կը փափաքին քաջալերել մեր հերթական դասախօսութիւնները եւ հովանաւորել մեր յառաջիկայ դասախօսական ձեռնարկները, թող բարի ըլլան կապ պահել մեզի հետ,
cvarmenianchurch@gmail.com հասցէով։
(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիէն)