ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ճարտարագէտ Ճեք Նժդեհ Եաղուպեանի նոր հրատարակուած հատորը՝ «And Then I Met The Getty Kouros» Ուրբաթ, Յունուար 23ին, երեկոյեան ժամը 7ին պիտի ներկայացուի Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան մէջ կայանալիք ձեռնարկի մը ընթացքին։
Հատորը յուշագրութիւն մըն է՝ նուիրուած Պարսկաստանի ու Ամերիկայի մէջ հասակ նետած Եաղուպեանի կեանքի մարտահրաւէրներուն եւ ճարտարագիտութեան մարզին մէջ անոր ապահոված իրագործումներուն։
Ձեռնարկի մուտքը ազատ է, իսկ Իրանահայ միութեան հասցէն է՝ 117 Louise Street, Glendale։
Հեղինակը նաեւ պիտի մակագրէ հատորներէն օրինակներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.