ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ կազմակերպուած ՀՅԴ 124ամեակի տօնակատարութեան բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ Կլենտէյլի սկաուտներու դրօշակի արարողութեամբ, որմէ ետք Իվանա Գրիգորեան կատարեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները: ՀԵԴ պատանիներու երգչախումբը՝ խմբավար Միքայէլ Աւետիսեանի ղեկավարութեամբ, կատարեց ՀՅԴ քայլերգ «Մշակ Բանուոր»ը:
Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկան Սանան Շիրինեան (հայերէնով) եւ Գասպար Ճիվըլըքեան (անգլերէնով), որոնք նաեւ կատարեցին ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը:
Դաշնակցական երիտասարդութեան խօսքը փոխանցեց ՀԵԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արփա Հացպանեան, որ իր պատգամը փոխանցեց հայերէնով եւ անգլերէնով:
«Դաշնակցութեան հիմքերը դրուած են ճշմարտութեան, արդարութեան եւ մեր ժողովուրդին հանդէպ սիրոյն վրայ, եւ այդ պատճառով է որ կուսակցութիւնը դիմացած է տասնամեակներով», ըսաւ Հացպանեան:
Երիտասարդ գործիչը ազդարարեց նաեւ մեկնարկը 100օրեայ գործողութիւններու ծրագիրին, որուն նախաձեռնուած է ՀԵԴին կողմէ եւ որ պիտի աւարտի Ապրիլ 24ին, զանգուածային քայլերթով՝ Հոլիվուտէն մինչեւ թրքական հիւպատոսարան:
Հացպանեան նաեւ անդրադարձաւ ՀԵԴին տարած գործունէութեան՝ կեդրոնանալով Հայաստանի, Արցախի ու Ջաւախքի մէջ պատանեկան ճամբարներու ծրագիրին վրայ, որ տարուէ տարի կ՛ընդարձակէ իր շրջանակը եւ հարիւրաւոր հայ պատանիներու համար ազգային դաստիարակութեան միջավայր մը կ՛ապահովէ:
Համազգային «Սայաթ Նովա» երգչախումբը՝ խմբավար Նորա Ռումեան-Պայրամեանի ղեկավարութեամբ, հանդէս եկաւ խմբավարին մշակումով Հայոց բանակին նուիրուած երգով մը եւ հայրենասիրական երկու այլ երգերով, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուեցան ներկաներուն կողմէ:
Օրուան պատգամը փոխանցեց արժանթինահայ մտաւորական, քաղաքական գործիչ, հրապարակագիր ու համալսարանական դասախօս Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, որուն ելոյթը ամբողջութեամբ լոյս պիտի տեսնէ «Ասպարէզ»ի Շաբաթ օրուան թիւին մէջ։
Համազգայինի «Անի» պարախումբը ներկայացուց «Սարդարապատ» պարը՝ մշակուած պարուսոյցներ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի եւ Եղիա Հաշօլեանի կողմէ: Իւրայատուկ այս ներկայացումը հանդիսատեսներու ծափողջոյններուն արժանացաւ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը պատրաստած էր նաեւ տեսաերիզ մը՝ անցեալ տարի մեզմէ յաւերժ հեռացած դաշնակցական ընկերներուն նուիրուած:
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի պատգամը փոխանցեց ԿԿի անդամ Վաչէ Թովմասեան (խօսքը տեսնել «Օրը Օրին» սիւնակով):
Ֆերահեան Ազգային վարժարանի աշակերտական երգչախումբը եւս հիացուց հանդիսատեսները իր աշխոյժ կատարումով: Խմբավարն էր յայտնի երգչուհի Արաքսիա Վարդերեսեանը:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուքճեանի եւ ՀԵԴ Պատանեկան Միութեան երգչախումբի ելոյթներով:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Արիւնոտ Դրօշ» երգով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.