Ձեռնարկին ընթացքին «Հրանդ Տինքի Հոգիի Ազատութեան եւ Արդարութեան» շքանշանը պիտի շնորհուի պատմաբան, ընկերաբան եւ Հրանդ Տինքի բարեկամ փրոֆ. Թաներ Աքչամին:
Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ փրոֆ. Ռիչըրտ Հրայր Տէքմէճեան, «Երկու արդար ձայներ՝ Հրանդ Տինք եւ Թաներ Աքչամ» նիւթով։ Ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ մեծարեալը՝ խօսելով վերջին իրադարձութեանց մասին, մինչ հայութիւնը կը պատրաստուի Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին:
Նոյն օրը, կ.ե. ժամը 3ին, համահայկական հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Մոնթեպելլոյի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ։
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կեդրոնի հասցէն է՝ 19726 Sherman Way, Winnetka, CA 91306:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, հեռաձայնել տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանին՝ (818) 800-1976 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.