ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Ղարաբաղեան դիրքերուն ուղղութեամբ 12-13 լուսցող գիշերը բուռն կրակոցներ արձակուած են։
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակէն «Ազատութեան» յայտնած են, որ մօտ 1000 կրակոց արձակուած է: Երկուշաբթի երեկոյեան ալ հաղորդուած էր, որ Ղարաբաղի հարաւը գտնուող մարտական յենակէտին մէջ հակառակորդի կրակոցէն վիրաւորուած է 23ամեայ զինուորական ծառայող Միսակ Յակոբեան:
Հայաստանի սահմանին ուղղութեամբ եւս կրակոցներ եղած են: Տաւուշի մարզի Բաղանիս գիւղին կից գտնուող Երեւան-Թիֆլիս միջպետական ճամբան, ուրկէ նահանջած էին ատրպէյճանցի հետախոյզները, եւ ուր գիւղացի հովիւ մը սպաննած էին, կը շարունակէ փակ մնալ։
Բաղանիսի գիւղապետ Նարեկ Սահակեանի տեղեկութիւններով՝ ճամբան պիտի բացուի քանի մը օրէն, երբ իրավիճակը հանդարտի, իսկ մինչ այդ կ՛օգտագործուի երկրորդական ճամբան:
Այգեպար գիւղին մէջ եւս կրակոցներ հնչած են: Գիւղապետ Անդրանիկ Այդինեանը «Ազատութեան» տեղեկացուցած է, որ կրակած են դիրքերուն ուղղութեամբ:
Բուռն կրակոցներ արձակուած են նաեւ Պառաւաքարի հատուածին մէջ: Պառաւաքարի գիւղապետ Ռոլանդ Մարգարեանը պատմած է, որ ատրպէյճանական կողմէ կրակ բացուած է Պառաւաքար-Վազաշէն ճամբէն ընթացող ինքնաշարժներուն ուղղութեամբ: Ատրպէյճանական կողմէ ուղիղ կրակ բացուած է Պառաւաքարի երկու բնակիչներու «Նիւա» մակնիշի ինքաշարժին ուղղութեամբ: Գիւղացիները գացած էին անտառ՝ փայտ բերելու:
«Կրակել են «Նիւա»ի վրայ, կպել է, վառուել», յայտնած է գիւղապետը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական համակարգը հաստատած է Տաւուշի ուղղութեամբ կրակոցները: Նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան փոխանցած է, որ 13 Յունուարի առաւօտուն իրավիճակը համեմատաբար աւելի հանդարտ է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.